Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Արցունքներուն Եւ Մոմերուն Կողքին Արձանագրուած Է Գերիշխանական Գայթակղութիւն Մը»

Դեկտեմբեր 3, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հասան Խալիլ, Ապու Ֆաուր եւ Պըրրի
Հասան Խալիլ, Ապու Ֆաուր եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ երկրին մէջ տիրող համախոհական մթնոլորտն ու փոխադարձ խորհրդակցութիւնները քաջալերելի են եւ պէտք է շարունակուին:

Ան ընդգծեց, որ երկխօսութիւնը կը մնայ երկրին հարցերը լուծելու ամէնէն ճիշդ միջոցը:

Անդրադառնալով բանակայինները փոխանակելու համաձայնութեան` Պըրրի ըսաւ. «Արցունքներուն եւ մոմերուն կողքին արձանագրուած է գերիշխանական գայթակղութիւն մը: Շնորհաւոր բանակայիններուն ընտանիքներուն»:

Պըրրի վերահաստատեց, որ անհրաժեշտ է աճապարել` լուծելու համար աղբի տագնապին հարցը:

Պըրրիի Այցելուները

Պըրրիի այցելեց առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր` ներկայութեամբ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի:

Հանդիպումէն ետք Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ որեւէ համաձայնութիւն կարիքը ունի լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն զիջումներուն` ընդգծելով, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի քրիստոնէական ինքնութեան մասին ստորագրութեան կամ վկայութեան կարիք չկայ, որովհետեւ ան կը նկատուի մարոնի գլխաւոր չորս ղեկավարներէն մէկը:

««Ինձմէ ետք ջրհեղեղ»-ի տրամաբանութիւնը այլեւս սկսած է երկիրը անդունդն ի վար առաջնորդել: Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ մտահոգ է, որ եթէ համաձայնութիւն չգոյանայ, ապա երկիրը մուտք պիտի գործէ սահմանադրական, քաղաքական եւ ապահովական անորոշութեան մէջ, հետեւաբար ան կոչ կ՛ուղղէ ընդունելու առաջադրուած նախաձեռնութիւնը», ըսաւ Ապու Ֆաուր:

Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ մաս կը կազմէ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն` աւելցնելով, որ այդ ուժերը համաձայնութիւն գոյացուցած էին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի շուրջ, սակայն ան ազգային համախոհութեան չարժանացաւ, հետեւաբար պէտք է համաձայնիլ Ֆրենժիէի շուրջ, որովհետեւ ան ազգային համախոհութիւն կը վայելէ:

Խորհրդարանի նախագահին այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի, որ մեկնումի պահուն յայտնեց, թէ նախագահական ընտրութիւնը զուտ լիբանանեան հարց է:

Ասիրի հաստատեց, որ Ռիատ կը զօրակցի միջլիբանանեան համախոհութեան` յոյս յայտնելով, որ այս առումով արձանագրուի ազգային նուաճում մը, որովհետեւ շրջանին իրադարձութիւնները կը պահանջեն անիկա:

Նախագահական Նիստի Յետաձգում

Միւս կողմէ, օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով Պըրրի նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստը յետաձգեց չորեքշաբթի, 16 դեկտեմբեր 2015-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին:

Նիստին յետաձգումէն ետք Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժորժ Ատուան շեշտեց, որ երկխօսութեան, կառավարութեան եւ հանրապետութեան նախագահութեան իմաստով իրենց կեցուածքը յստակ է` աւելցնելով, որ իրենց գործելաոճը հիմնուած է յստակ սկզբունքներու ու քաղաքական պատկերացումներու եւ ուղեգիծի վրայ:

Ատուան նշեց, որ իրենք գործակցութեան ձեռք կ՛երկարեն փրկելու երկիրը եւ վերադառնալու պետութեան ու սահմանադրութեան:

 

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Մուքպելն Ու Ասիրին

Յաջորդը

Ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական Դրամատան. Հարազատներու Ուղարկած Միջոցներով Ապրող Հայաստանի Բնակիչները Այս Տարի «Աղքատացած» Են Կէս Միլիառ Տոլարի Չափով

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?