Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրենժիէ Ցաւակցութիւն Յայտնեց Զօր. Աունի Եւ Այցելեց Ժոմպլաթի

December 3, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ֆրենժիէ եւ զօր. Աուն
Ֆրենժիէ եւ զօր. Աուն

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ ուղղուեցաւ Ռապիէի մարոնի համայնքի Ս. Յարութիւն եկեղեցին, ուր ցաւակցութիւն յայտնեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի, անոր եղբօր` Ռոպեր Աունի մահուան առիթով:

Ֆրենժիէ մեկնումի պահուն յայտնեց, որ զօր. Աունի կատարած իր այցելութիւնը զուտ ցաւակցական բնոյթի էր` աւելցնելով, որ այս առիթով քաղաքական ոչ մէկ յայտարարութիւն պիտի կատարուի:

Նշենք, որ երեկոյեան Ֆրենժիէ այցելեց Քլեմանսօ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ:

Ֆրենժիէի ընկերակցեցաւ իր զաւակը` Թոնի Ֆրենժիէ, նախարար Ռոնի Արայժի եւ նախկին նախարար Եուսեֆ Սաատէ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, կենսոլորտի նախարար Աքրամ Շեհայէպ, երեսփոխան Ալաէտտին Թըրրօ եւ նախկին նախարար Ղազի Արիտի:

Ֆրենժիէ յայտնեց, որ իր թեկնածութիւնը տակաւին պաշտօնական չէ` աւելցնելով, որ իր թեկնածութեան հարցը արծարծող առաջին անձնաւորութիւնը եղաւ Ժոմպլաթ: Ան նշեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի նախաձեռնութիւնը նախագահական ընտրութեան իր թեկնածութեան առումով լուրջ է, սակայն ոչ պաշտօնական:

«Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը նախագահական ընտրութեան պիտի մասնակցին միասնականութեամբ, իսկ զօր. Աուն եղբայր է եւ բարեկամ: Մենք մէկ ուղիի վրայ ենք», ըսաւ ան:

Ֆրենժիէ աւելցուց, որ եթէ քրիստոնեաները իր թեկնածութիւնը մերժեն յստակ հիմնաւորումով, ապա ինք կրնայ յօժարիլ, սակայն եթէ անոնց կեցուածքը մերժելու սիրոյն ըլլայ, «ապա այդ մէկը անընդունելի է», յայտնեց Ֆրենժիէ:

Իր կարգին, Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Ֆրենժիէ համաձայնական նախագահ դառնալու առիթ է` հաստատելով, որ ինք իր միջոցներով պիտի վերացնէ անոր թեկնածութիւնը արգելակող խոչընդոտները:

Նախորդը

«Պէտք Է Լիբանանին Նիւթական Յաւելեալ Օժանդակութիւն Տրամադրել Գաղթականներուն Հարցով» Շեշտեց Ա. Նազարեան

Յաջորդը

Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Մուքպելն Ու Ասիրին

RelatedPosts

Նապաթիէի Մէջ Բանակի Մեքենային Վրայ  Իսրայէլեան Յարձակում
Լիբանանեան

Նապաթիէի Մէջ Բանակի Մեքենային Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

October 1, 2026
Վարչապետի Գրասենեակը Սալամին  Եւ Ռուպիոյին Վերագրուած  Դիրքորոշումները Կը Հերքէ
Լիբանանեան

Վարչապետի Գրասենեակը Սալամին Եւ Ռուպիոյին Վերագրուած Դիրքորոշումները Կը Հերքէ

October 1, 2026
Սալամ. «Կ՛ուզենք Իրանի  Եւ Սուրիոյ Հետ Նոր Էջ Բանալ»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կ՛ուզենք Իրանի Եւ Սուրիոյ Հետ Նոր Էջ Բանալ»

October 1, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.