
Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն լուրջ թեկնածու նկատելու եւ նախագահական ընտրութիւնը կարելի դարձնելու հաւանականութիւններուն շուրջ խորհրդակցելու շրջագիծին մէջ, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ յետմիջօրէին Պքերքէի մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը` ընկերակցութեամբ կուսակցութեան փոխնախագահ Սելիմ Սայէղի:
Հանդիպումէն շուրջ ժամ մը ետք Պքերքէ հասաւ եւ անոնց ժողովին միացաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ:
Ռայի պատրիարքին հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ շեշտեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը ունի կեցուածքներ եւ սկզբունքներ, որոնցմէ անշեղ կը մնայ` աւելցնելով, որ իրենք ազգային աշխատանքին հետ գերզգայնութիւններէ մեկնելով չեն վարուիր:
Ժեմայէլ շեշտեց, որ իրենք ոչ ոքի նախագահութեան թեկնածութիւնը վեթոյի կ՛ենթարկեն:
«Նախագահական ընտրութեան առումով արձանագրուած դրական քայլը այն է, որ նախագահական ընտրութիւնը դարձաւ բոլորին առաջնահերթութիւնը, որովհետեւ Լիբանան եւ անոր հաստատութիւնները առանց նախագահի չեն կրնար գոյատեւել», ըսաւ ան:
Ժեմայէլ շեշտեց, որ իրենց ակնկալութիւնն է, որ գիտնան ոեւէ թեկնածուի քաղաքական ծրագիրը` աւելցնելով, որ իրենց համար անհրաժեշտ է, որ հանրապետութեան նախագահը խօսի ամբողջ Լիբանանին անունով:
Իր կարգին, Պասիլ մեկնումի պահուն յայտնեց, որ այս հանգրուանին անհրաժեշտ է իրարու նկատմամբ կասկածամտութիւն չունենալ, որովհետեւ միասնական ուժերով կարելի է նուաճումներ կատարել արձանագրել:
Պասիլ նշեց, որ իրենք պատասխանատու են երկրին կառոյցին եւ անոր հաստատութիւններուն կերտումին: «Մենք մեր ներքին ուժերով ամէն ջանք ի գործ կը դնենք գոյացնելու համաձայնութիւն մը, որ կ՛ապահովէ երկրին պետական հաստատութիւններուն եւ հանրապետութեան նախագահութեան շարունակականութիւնը: Մենք Արեւելքին մէջ կառչած կը մնանք մեր ազատութեան եւ մեր ազատ կամքով կ՛ընտրենք հանրապետութեան նախագահն ու կը մշակենք ընտրական օրինագիծը», աւելցուց ան:
Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Նախագահական
Ընտրութեան Լուրջ Առիթ Կը Նշմարէ
Նշենք, որ երէկ կէսօրէ առաջ Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Նիստէն ետք հրապարակուած խորհուրդին հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ նախագահական աթոռին թափուր մնալէն 18 ամիս ետք կը նշմարենք նախագահական ընտրութիւն կատարելու լուրջ առիթ մը, որուն ընդմէջէն երկիրը իր դիմագրաւած տագնապէն կարելի պիտի դուրս բերել` նկատի ունենալով քաղաքական ուժերուն միջեւ համախոհութիւն գոյացնելու տրամադրութիւնը:
«Հանրապետութեան նախագահը ազգային հաստատութիւններուն անկիւնաքարը կը կազմէ, հետեւաբար անոր ընտրութիւնը անհրաժեշտ է», ընդգծեց եպիսկոպոսներու խորհուրդը:
Մարոնի եպիսկոպոսները ողջունեցին նաեւ առեւանգուած բանակայիններուն ազատ արձակումը եւ շնորհաւորեցին ապահովական կառոյցներն ու ազատ արձակուածներուն ընտանիքները, ինչպէս նաեւ ցաւակցութիւն յայտնեցին այն ընտանիքներուն, որոնց զաւակները նահատակուեցան իրենց առեւանգման շրջանին:
Խորհուրդը կոչ ուղղեց, որ լիբանանեան պետութիւնն ու ապահովական կառոյցները ամէն ջանք ի գործ դնեն` ազատ արձակելու համար նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի մօտ գտնուող մնացեալ ինը բանակայինները` նշելով, որ իրենք կ՛աղօթեն նաեւ եպիսկոպոսներ Պուլոս Եազիժիի եւ Եուհաննա Իպրահիմի ազատ արձակումին եւ Սուրիոյ, Իրաքի եւ ամբողջ շրջանին խաղաղութեան համար:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը խստիւ դատապարտեց նաեւ Պըրժ Պարաժնէի մէջ արձանագրուած պայթումը, որ պատճառեց մեծ թիւով զոհեր եւ վիրաւորներ: Անոնք դատապարտեցին ահաբեկչութիւնը եւ կոչ ուղղեցին մարդկութեան զարթնումին ու միջազգային զօրակցութեան` վերջ դնելու համար այդ վայրագութեան:
Խորհուրդը ողջունեց բանակն ու ապահովութեան ուժերը, որոնք կը հսկեն Լիբանանի սպառնացող վտանգներուն: