
Ֆրանսայի մէջ գումարուող կլիմայի յատուկ վեհաժողովին ծիրին մէջ , ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան երէկ Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ արտասանած իր խօսքին ընդմէջէն պահանջեց Լիբանանին նիւթական յաւելեալ օժանդակութիւն տրամադրել սուրիացի գաղթականներուն հարցով:
Նազարեան շեշտեց, որ Լիբանան իր պիւտճէէն կը հոգայ նաեւ գաղթականներուն ծախսերը, եւ երկրին համար այդ բեռը առանձին կրելը ծանր է:
Ան կոչ ուղղեց Լիբանանին օժանդակելու եւ զօրակցելու` գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ:
Ա. Նազարեան ընդգծեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ Հասպանիի եւ Ուազզանիի ջուրերէն իր բաժինին` հիմնուելով ջուրերու իրաւունքին վերաբերող միջազգային օրէնքին վրայ: