Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաշնուք. «Արսալ Բռնագրաւուած Է Եւ Հոն Կայ 120 Հազար Գաղթական»

December 5, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մաշնուք եւ Իպրահիմ
Մաշնուք եւ Իպրահիմ

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ այցելեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան կեդրոն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի հետ:

Հանդիպումէն ետք Մաշնուք եւ Իպրահիմ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կատարեցին կարեւոր յայտարարութիւններ:

Մաշնուք յայտնեց, որ ինք մեծ հպարտութեամբ կ՛այցելէ այդ կեդրոնը` աւելցնելով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն օրէնքներու եւ ցուցմունքներու հիման վրայ գործելու նպատակով:

Ան նշեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը միակ կառոյցն է, որ կարողութիւն ունի շրջանցելու քաղաքական անցարգելները:

Անդրադառնալով բանակայիններուն ազատ արձակումին` Մաշնուք ընդգծեց, որ ատիկա կարելի եղած է իրագործել քաղաքական բարդ գործողութեան մը ծիրին մէջ` աւելցնելով, որ այդ ջանքերը կ՛ենթադրէին քաղաքական, զինուորական եւ գաղտնի սպասարկական ազդակներու համագործակցութիւնը:

Ան նշեց, որ բանակայիններուն ազատ արձակումին մէջ իրենց ներդրումը ունեցած են նաեւ Քաթարը, Թուրքիան, սուրիական վարչակարգը, Հըզպալլան եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը: «Իսկ այդ նուաճումը իրագործելը անկարելի պիտի դառնար, առանց վարչապետ Թամմամ Սալամի նախագահութեամբ նախարարական սեղմ յանձնախումբի հետեւողական աշխատանքին, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետեւողական ցուցմունքներուն եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ջանքերուն», շեշտեց ան:

Անդրադառնալով Արսալի մէջ լիբանանեան հանրային կարծիքին վկայած զինեալ երեւոյթներուն` Մաշնուք շեշտեց, որ մէկուկէս տարիէ ի վեր Արսալ բռնագրաւուած է եւ հոն կայ 120 հազար սուրիացի գաղթական, որ Արսալի բնակիչներուն թիւէն շատ աւելի մեծ է: Իսկ Արսալի բարձունքներուն վրայ կը գտնուին հազարաւոր զինեալներ, որոնք դէպի գիւղ մուտքի եւ ելքի կարելիութիւն ունին: Հետեւաբար Արսալի մէջ որեւէ գործողութիւն համազօր է Սուրիոյ տագնապին միջամուխ դառնալու», ըսաւ ան:

Մաշնուք թելադրեց, որ զինեալ երեւոյթներուն դէմ բողոքելու փոխարէն ապահովենք սահմանադրական առողջ ընթացք մը, որովհետեւ Սուրիոյ պատերազմը տակաւին չէ աւարտած:

Մաշնուք ասուլիսը եզրափակեց հաստատելով, որ Լիբանանը իր ապահովական կառոյցներով լաւ վիճակի մէջ է եւ ՏԱՀԵՇ-ի մօտ գտնուող բանակայինները ազատ արձակելու իմաստով ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայուի:

Ապպաս Իպրահիմ իր կարգին շեշտեց, որ ապահովութեան ուժերը կազմ ու պատրաստ են դիմադրելու ներքին եւ արտաքին վտանգներուն:

 

Նախորդը

Նահատակ Բանակային Մոհամետ Համիէի Մարմինը Յանձնուեցաւ Հողին

Յաջորդը

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Ժեմայէլն Ու Պասիլը Եւ Նախագահեց Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդի Նիստին

RelatedPosts

Լիբանանեան Հրատապ Հարցերը Առանցքային Օրակարգ` Երկրի Վարիչներու Բազմաճիւղ Հանդիպումներուն Ընթացքին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Հրատապ Հարցերը Առանցքային Օրակարգ` Երկրի Վարիչներու Բազմաճիւղ Հանդիպումներուն Ընթացքին

September 30, 2026
Բրիտանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հարաւ
Լիբանանեան

Բրիտանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հարաւ

September 30, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.