Խորհրդարանը Երէկ Իր Նիստի Օրինաթիւը Կորսնցնելէն Ետք Այսօր Դարձեալ Ժողով Կը Գումարէ
Խորհրդարանը երէկ իր նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախագահութեամբ նիստ մը գումարեց` քննարկելու համար օրակարգի վրայ գտնուող օրինագիծերը: Երեսփոխան Ֆիրաս Համտան անդրադարձաւ վարչապետի դիրքին եւ նշեց, որ «քաղաքական այն պահուն, երբ վարչապետը կարգ մը հարցերով կ՛ամբաստանուի, ան պէտք է կառավարութենէն հրաժարի»` աւելցնելով. «Հռետորաբանութիւնը կը նպաստէ երկրի պառակտման»: Պըրրի արձագանգեց նշելով, որ վարչապետը ամբողջ Լիբանանին վարչապետն է` շեշտելով, որ կառավարութիւնը անձի մը կամ...



















