Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Պըն Ֆարհան իշխանը շեշտեց, որ անհրաժեշտ է իսրայէլեան բանակը հեռացնել լիբանանեան բոլոր հողերէն:
Պըն Ֆարհան իշխանը շեշտեց, որ սէուտական թագաւորութիւնը Լիբանանի կողքին կը կանգնի եւ կ՛աջակցի անոր պետութեան Թաէֆի համաձայնագիրը գործադրելու եւ զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու ջանքերուն:
«Կը գնահատենք լիբանանեան կառավարութեան պետութեան գերիշխանութիւնը տարածելու եւ զէնքը անոր մենաշնորհը դարձնելու ջանքերը», ըսաւ սէուտական դիւանագիտութեան պետը: