Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Բանակը կարմիր գիծ է, եւ ոեւէ մէկուն կողմէ անոր թիրախաւորումը արգիլուած է»:
«Բանակին վնաս հասցնելը արգիլուած է, որովհետեւ բանակը որեւէ կողմի չի պատկանիր, կողմի մը հետ ուրիշ կողմի դէմ չէ, բանակը ամբողջ երկրին համար է», աւելցուց Պըրրի:
Պատասխանելով արտերկրի լիբանանցիներուն խորհրդարանի բոլոր անդամներուն քուէարկել արտօնելուն մասին իր կարծիքին մասին հարցումին` խորհրդարանի նախագահը չմանրամասնեց, սակայն բաւարարուեցաւ ըսելով. «Ո՛ւր որ է իրաւունքը, ես հոն կը դիմեմ: Մենք ամէնուրեք իրաւունքին հետ ենք: Ուժի մէջ գտնուող ընտրական օրէնք գոյութիւն ունի, ուստի թող գործադրուի»: