Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լարիժանի. «Հըզպալլան Իսրայէլեան Գոյացութեան Դիմաց Անառիկ Պատուար Է, Եւ Լիբանանցի Պատասխանատուները Պէտք Է Իրարու Հետ Գործակցին»

September 29, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանի Այն Թինէի մէջ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ ուրախ է այս հանդիպումով:

Ան նշեց, որ Լիբանանը Իրանին բարեկամ պետութիւն է, ուստի տարբեր հարցերու շուրջ, մասնաւորաբար այս օրերու արագացող զարգացումներուն լոյսին տակ անոր հետ կը խորհրդակցինք:

Լարիժանի շեշտեց, որ Իրան անհամբեր կը սպասէ, որ շրջանի բոլոր երկիրները հզօր ու անկախ ըլլան:

Ան նշեց, որ այդ պետութիւնները իսրայէլեան դաւադրութիւններու լոյսին տակ պէտք է գործակցին եւ տարակարծութիւնները մէկդի ձգեն:

Իրանցի պաշտօնատարը ողջունեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի Սէուտական Արաբիոյ նկատմամբ նախաձեռնութիւնը` նշելով, որ Սէուտական Արաբիան բարեկամ պետութիւն է, եւ իր երկրին ու թագաւորութեան միջեւ խորհրդակցութիւններ տեղի կ՛ունենան:

«Այսօրը գործակցութեան օր է, որովհետեւ մէկ թշնամիի դիմաց կանգնած ենք, եւ (շէյխ) Քասեմի կեցուածքը ամբողջովին ճիշդ է», ըսաւ ան:

Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղարը շեշտեց, որ Լիբանանը աշխարհագրական առումով փոքր երկիր է, սակայն Իսրայէլի դէմ հզօր պետութիւն է:

«Կուսակցութիւնն ու սէյիտ Նասրալլան իսլամներու սրտերուն մէջ անմահ պիտի մնան», ըսաւ ան:

Լարիժանի յայտնեց, որ լիբանանցի պատասխանատուները պէտք է իրարու հետ գործակցին` հասնելու համար ներքին հարցերու լուծումի` ընդգծելով. «Որոշողը լիբանանցի ժողովուրդը պէտք է ըլլայ»:

Ան շեշտեց, որ Հըզպալլան կարիք չունի այլ տեղէ զէնքի մատակարարման:

Լարիժանի նշեց, որ Իրան պատրաստ է բոլոր բեմագրութիւններու դիմակայման:

«Չեմ կարծեր, որ իսրայէլացիները անմտութեամբ վարուին, եւ եթէ վարուին, ուժեղ պատասխան պիտի ստանան», ըսաւ ան:

Նշենք, որ Լարիժանի շաբաթ օր Լիբանան եկաւ մասնակցելու համար Հըզպալլայի երկու նախկին ընդհանուր քարտուղարներ սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի նահատակութեան միամեակի ոգեկոչման հանդիսութեան:

 

Նախորդը

Լարիժանի-Շէյխ Քասեմ Հանդիպում

Յաջորդը

Լարիժանի-Սալամ Հանդիպում

RelatedPosts

Պարրօ. «Ստեղծել Միջազգային Նոր Կառոյց Մը`  Լիբանանի Գերիշխանութեան Սատարելու  Եւ Բանակի Տեղակայման Նպաստելու Համար»
Լիբանանեան

Պարրօ. «Ստեղծել Միջազգային Նոր Կառոյց Մը` Լիբանանի Գերիշխանութեան Սատարելու Եւ Բանակի Տեղակայման Նպաստելու Համար»

October 19, 2026
Պաղտատի Մէջ Ռաժժի-Արաղչի «Երկարատեւ»  Հանդիպում Եւ «Անկեղծ» Քննարկում
Լիբանանեան

Պաղտատի Մէջ Ռաժժի-Արաղչի «Երկարատեւ» Հանդիպում Եւ «Անկեղծ» Քննարկում

October 19, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.