Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաժժար Անդրադարձաւ Ռաուշէի Հաւաքի Դէպքին

Սեպտեմբեր 30, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին գործոց նախարար Ահմետ Հաժժար «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին անդրադառնալով Ռաուշէի մէջ հաւաքի ընթացքին Ռաուշէի ժայռի լուսաւորման պատասխանատուութիւնը ապահովական մարմիններու ուսերուն բեռցնելու մասին հարցումին, շեշտեց. «Ապահովական մարմիններուն դերը արտօնագիր ունեցող որեւէ ժողովրդային հաւաքի ժամանակ անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը պահպանելն է: Ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ տրուած արտօնագիրի խախտում տեղի ունեցաւ, այդ արտօնագիրին մէջ արտօնուած կէտերը յստակ էին:

«Ապահովական ուժերը իրենք զիրենք գտան մեծաթիւ մարդոց մէջ, որոնց միջեւ դրուած էին այն մեքենաները, որոնց միջոցով Ռաուշէի ժայռը լուսաւորուեցաւ, այսինքն` մարդկային հաւաքի մէջ, ինչ որ արգելք հանդիսացաւ, որ ապահովական ուժերը զայն արգիլեն»:

«Ներկայիս ընդհանուր դատախազին կողմէ ներքին հետաքննութիւն գոյութիւն ունի` ճշդելու համար նահանգապետին տուած արտօնագիրին խախտումը, եւ նահանգապետը ներքին գործոց նախարարութեան մաս կը կազմէ: Ներքին գործոց նախարարութեան առաջին հետաքրքրութիւնը կը մնայ անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը, կառավարութեան որոշումներու գործադրութիւնը եւ առնչակից արդարադատութեան ցուցմունքի հիմամբ խախտում կատարողներուն նկատմամբ անհրաժեշտ քայլերու որդեգրումը», աւելցուց ան:

«Գոյութիւն ունին շրջաբերականի եւ արտօնագիրի խախտման համար արդարադատական ու վարչական քայլեր, որոնք մինչեւ վերջ պիտի հետապնդուին», նշեց Հաժժար:

Ան ցաւ յայտնեց այն խօսքին համար, որ որեւէ նախարար կամ ընդհանուր տնօրէն իբրեւ բացառապէս հեղինակութեան մը հաւատարիմ կը ներկայացուի:

«Իմ եւ Ներքին ապահովութեան ուժերու տնօրէնին հեղինակութիւնը պետութիւնն է, եւ այդ հիմամբ կը գործենք: Բոլոր դիրքերը իրենց արժանապատուութիւնը ունին: Ընդհանուր տնօրէնները նշանակողը ամբողջ նախարարական խորհուրդն է, եւ երբ դիրքը կը յանձնուի, հեղինակութիւնը միայն օրէնքներն ու կանոնները կ՛ըլլան», աւելցուց ներքին գործոց նախարարը:

 

 

Նախորդը

Ռաատ. «Հըզպալլան Թշնամիին Պիտի Չարտօնէ Իր Նպատակները Իրագործել Մեր Երկրին Մէջ Ո՛չ Ենթակայ Կառավարութիւններու, Ո՛չ Ալ Դաւադրութիւններու Ճամբով»

Յաջորդը

Պայրագտարեան ՄԱԿ-ի Մէջ Յայտարարեց. «Մեր Կարողութիւնները Սահմանափակ Են, Սակայն Մեր Երիտասարդներուն Աւելի Լաւ Ապագայի Ապահովման Մեր Կամքը Հզօր Է»

RelatedPosts

Աուն Եւ Սալամ Քննարկեցին Ռաուշէի Դէպքը
Գլխաւոր լուրեր

Աուն Եւ Սալամ Քննարկեցին Ռաուշէի Դէպքը

Հոկտեմբեր 1, 2025
Լիբանան Կ՛ողջունէ Թրամփի Ծրագիրը
Լիբանանեան

Լիբանան Կ՛ողջունէ Թրամփի Ծրագիրը

Հոկտեմբեր 1, 2025
Խորհրդարանը Օրինաթիւի Չգոյութեան  Պատճառով Չկրցաւ Իր Ժողովը Գումարել
Լիբանանեան

Խորհրդարանը Օրինաթիւի Չգոյութեան Պատճառով Չկրցաւ Իր Ժողովը Գումարել

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?