Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանի նիստի օրինաթիւի կորուստէն ետք այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ:
Պըրրի յայտնեց. «Նախագահին հետ հանդիպումը սովորականին նման հոյակապ էր, եւ վերջին ժամու նիւթերը արծարծեցինք: Ան զիս տեղեակ պահեց Նիւ Եորքի մէջ իր գումարած հանդիպումներէն, եւ մենք զինք դրինք օրեր առաջ Պէյրութի մէջ տեղի ունեցածի մթնոլորտին մէջ»: