Հշէյմի. «Պէյրութը Հըզպալլայի Սեփականութիւնը Չէ Եւ Կուսակցական Ցուցադրութիւններու Բեմի Կամ Կատարուած Իրողութեան Պարտադրման Հարթակի Պիտի Չվերածուի»
Երեսփոխան Պիլալ Հշէյմի յայտնեց. «Հըզպալլայի Ռաուշէի ժայռը իր ղեկավարներուն լուսանկարներով լուսաւորելը լիբանանցիներուն վտանգաւոր գրգռութիւն մըն է եւ բացայայտ յարձակում մայրաքաղաք Պէյրութի` ամբողջ հայրենիքի մայրաքաղաքին վրայ»: «Այս վարմունքը անգամ մը եւս կը բացայայտէ, թէ կուսակցութիւնը ինքզինք պետութենէն ու օրէնքէն վեր կը դասէ եւ կը պնդէ իր կամքը լիբանանցիներուն պարտադրելու վրայ, կարծէք երկիրը իր սեփական ծրագիրի պատանդն է», շեշտեց ան: «Ան, որ...




















