Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ հինգշաբթի երեկոյեան յայտնեց. «Այն, ինչ որ այսօր Ռաուշէի շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ, յստակ խախտում է Պէյրութի քաղաքի նահանգապետին կողմէ կազմակերպիչներուն տուած հաւանութեան բովանդակութեան, որուն հիմամբ հաւաք կատարելու արտօնութիւն տրուեցաւ. հոն յստակօրէն նշուեցաւ` Ռաուշէի ժայռը ցամաքէն ծովէն կամ օդէն բացարձակապէս չլուսաւորել, եւ անոր վրայ որեւէ նկար չսփռել»:
«Ուստի կապ հաստատեցի ներքին, արդարադատութեան եւ պաշտպանութեան նախարարներուն հետ եւ անոնցմէ պահանջեցի որդեգրել պատշաճ քայլերը, ներառեալ արարքի հեղինակները կալանաւորել եւ հաշուետուութեան փոխանցել, որպէսզի իրենց պատիժը ստանան, առ ի գործադրութիւն կիրարկուող օրէնքներու», նշեց վարչպետը:
Սալամ շեշտեց. «Պէտք չկայ ըսելու, թէ ասիկա կը հակասէ կազմակերպիչ կողմին եւ անոր աջակիցներուն տուած յստակ յանձնառութիւններուն, եւ կը ներկայացնէ անոնց սայթաքումը, որ ժխտական անդրադարձ կ՛ունենայ պետութեան եւ անոր հաստատութիւններու տրամաբանութեան հիմամբ գործելու վերաբերեալ անոնց հաւաստիութեան վրայ»:
«Այս դատապարտելի վարմունքը մեզ ետ պիտի չկանգնեցնէ օրէնքի եւ հաստատութիւններու պետութիւն վերակառուցելու որոշումէն, այլ մեզ աւելի վճռական կը դարձնէ այդ ազգային պարտականութիւնը իրագործելու», ըսաւ ան:
Լիբանանեան աղբիւրներ «Սքայ Նիուզ»-ին յայտնեցին. «Ընդհանուր դատախազութիւնը ապահովական մարմիններէն պահանջեց խախտումներ գործած եւ Պէյրութի մէջ Ռաուշէի ժայռը լուսաւորած անձերը բերման ենթարկել»:
«Մարքազիա» իր կարգին հաղորդեց, որ ընդհանուր դատախազութիւնը ապահովական ուժերէն պահանջած է բերման ենթարկել Ռաուշէի ժայռի ապօրինի լուսաւորման մեղսակիցները:
Արդարադատութեան նախարար Ատել Նասսար երէկ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին հաստատեց լուրը` նշելով. «Ընդհանուր դատախազութիւնը ապահովական մարմիններուն հետ գործի լծուեցաւ Ռաուշէի ժայռի հաւաքին մէջ խախտում արձանագրողները ճշդելու` քաղաքական բոլոր նկատառումներէն հեռու»:
«Օրէնքը առանց խտրութեան բոլորին վրայ կը կիրարկուի», շեշտեց նախարարը: