Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Իզզէտտին յայտնեց. «Ամերիկան այսօր կ՛ուզէ աշխարհին իշխել, ուստի մարդիկը կը դնէ պատերազմի կամ անձնատուութեան, ենթակայութեան, տիրապետութեան, հարստութիւններու թալանման երկընտրանքին առջեւ: Ան կ՛օգտագործէ ուժի տրամաբանութիւնը, որմէ այլ բան բացարձակապէս չի գիտեր»:
«Այսօր Լիբանանի վրայ գործադրուող բոլոր ճնշումներուն նպատակը մէկ է` Դիմադրութեան եւ Լիբանանի, այս ժողովուրդի ու շրջանակի զէնքը ինչպէս խլելը եւ զանոնք կարողութենէ ու ուժէ զրկելն է, ինչ որ թշնամիին պիտի դիւրացնէ Սուրիա ներխուժածին նման Լիբանան ներխուժել», ըսաւ ան:
«Մենք Թաէֆի համաձայնութեան հակառակ մեր վերապահութեան համաձայն գտնուեցանք` արգիլելու պետութեան չքացումը, զայն վերամիաւորելու, անոր գոյութիւնը պահպանելու, ապա աշխատանք տանելու զայն հզօրացնելու:
«Օրին, միլիսները կ՛ուզէին պետութեան եւ անոր հաստատութիւններու աւարները բաժնուիլ, մինչ մենք քաղաքացիական պատերազմին չմասնակցեցանք, ուստի մեր զէնքը այդ միլիսներու զէնքէն հեռու մնաց», յայտնեց Իզզէտտին: