Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանը Օրինաթիւի Չգոյութեան Պատճառով Չկրցաւ Իր Ժողովը Գումարել

October 1, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով խորհրդարանի նիստը փակուած յայտարարեց: Արդարեւ, միայն 45 երեսփոխաններ ներկայացան ժողովասրահ:

Մէկ օր առաջ Փաղանգաւորներու երեսփոխանական պլոքի, Հզօր հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի, ինչպէս նաեւ անկախ եւ բարեկարգչական երեսփոխաններու խորհրդարանի նիստէն հեռանալուն պատճառով նիստը կորսնցուցած էր իր օրինաթիւը, եւ Պըրրի ժողովը երէկուան նշանակած էր:

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ նիստէն առաջ նշեց. «Եթէ այսօր օրէնսդրական նիստին օրինաթիւ չապահովուի, երէկուան նիստի ընթացքին որդեգրուած ամէն բան սառեցուած կը նկատուի»:

«Իւրաքանչիւր երեսփոխան կրնայ որեւէ նիստ պոյքոթի ենթարկելու կամ նիստի մասնակցելու իր իրաւունքը կիրարկել, սակայն այսօր հարցումը հետեւեալն է. եթէ օրինաթիւ չապահովուի, յաջորդ քայլը ի՞նչ պիտի ըլլայ», հարց տուաւ ան:

Պու Սաապ յայտնեց. «Եթէ այսօր խորհրդարանի նիստ չգումարուի, չենք գիտեր, թէ յաջորդ նիստը ե՛րբ պիտի ըլլայ», նշեց խորհրդարանի փոխնախագահը:

«Լիբանանցի ժողովուրդը կը յուսար, որ խոչընդոտման հարցը վերջ գտնէ, որովհետեւ խոչընդոտումը կը նշանակէ խափանել բոլոր բարեկարգչական օրէնքները, որոնց վրայ կ՛աշխատինք», նշեց Պու Սաապ:

Հզօր Հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի ղեկավար Ժորժ Ատուան խորհրդարանէն յայտարարեց. «Մասնաւոր կերպով եկայ ըսելու, որ այն, ինչ որ այսօր տեղի ունեցաւ, կտրուկ ու յստակ կերպով ցոյց կու տայ, թէ երեսփոխաններուն մեծամասնութիւնը կ՛ուզէ, որ լիագումար նիստը քննարկէ այն բարեփոխումները, որոնք պէտք է կատարուին ներկայ ընտրական օրէնքին մէջ, եւ ատկէ կարեւորը այն է, որ երեսփոխաններուն մեծամասնութիւնը չ՛ուզեր ընտրութիւններու յետաձգումը»:

«Այսօրուան քայլը բացարձակապէս խորհրդարանի աշխատանքի խոչընդոտումը չէ, այլ անոր աշխատանքը դնել ուղիի մը վրայ, որ պէտք է որդեգրէ. անիկա շտապ օրինագիծը նիստի օրակարգի վրայ դնելն է», աւելցուց ան:

«Երէկ որդեգրուած օրէնքները հաստատուած եւ ուժի մէջ են, բացի եթէ կ՛ուզենք նոր մեկնաբանութիւն մը կատարել», ըսաւ Ատուան:

«Կառավարութեան կոչ կ՛ուղղեմ, որ իր յաջորդ նիստին որդեգրէ օրինագիծ մը, որ կը գտնէ ներկայ ընտրական օրէնքին անհրաժեշտ լուծումները: Ընտրութիւններուն մէկ օրով յետաձգումը պիտի չընդունինք: Եթէ կառավարութիւնը իր պարտականութիւնը չկատարէ, ապա անհրաժեշտ կը դառնայ, որ խորհրդարանը իր պարտականութիւնը կատարէ, եւ խորհրդարանը այսօր այդ է, որ կը կատարէ», ըսաւ երեսփոխանը:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ նշեց. «Խորհրդարանը պոյքոթի կ՛ենթարկուի ներկայ ընտրական օրէնքին մէջ բարեփոխումներ պարտադրելու համար»` շեշտելով. «Խորհրդարանական ընտրութիւնները յետաձգելու կազմակերպուած հոլովոյթ մը գոյութիւն ունի»:

«Կառավարութեան կոչ կ՛ուղղենք` արտերկրի լիբանանցիներու արձանագրման սկսելու», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Խորհրդարանի պաշտօնավարման ժամկէտի երկարաձգումը կը մերժենք», ըսաւ Պասիլ:

Նախորդը

Մուսա. «Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Յետաձգումը Լաւ Պատգամ Մը Պիտի Չըլլայ»

Յաջորդը

Լիբանան Կ՛ողջունէ Թրամփի Ծրագիրը

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.