. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Նախագահ Աունի Միացեալ Նահանգներէն վերադառնալէն ետք խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի հետ հանդիպիլն ու վարչապետ Սալամին հետ չհանդիպիլը, նախագահին ու վարչապետին միջեւ գոյութիւն ունեցող տագնապի տարողութեան ցուցանիշ է»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Վարչապետ Սալամ երէկ գոհ չէր նախագահի կեցուածքէն, եւ զայն նկատեց ամբողջովին միւս կողմին կողմնակից, որովհետեւ նախագահէն չլսեց որեւէ նախադասութիւն, որ կը քննադատէ այն, ինչ որ ինք Հըզպալլայի կողմէ պետութեան եւ վարչապետի վարկին ոտնահարում կը նկատէ»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Վարչապետ Սալամի ապահովական մարմիններուն եւ Պաապտայի պալատին դէմ արշաւը կը շարունակուի, ինչ որ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի կողմէ քաղաքական բարձր նշաձողով եւ յստակ ցուցանիշով ուղղակի պատասխան պահանջեց: Ան բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալը պարգեւատրեց Մայրիի բարձրագոյն աստիճանի շքանշանով` գնահատելով անոր վաստակն ու կատարած ղեկավարական դերակատարութիւնը»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նախագահ Աունի հետ հանդիպումի ընթացքին փորձեց մթնոլորտը հանդարտեցնել` ընդգծելով Ռաուշէի հաւաքին հետեւանքները վերահսկողութեան տակ առնելու եւ վարչապետին հետ տագնապը խորացնելէ խուսափելու կարեւորութիւնը»:
ՆԵՐՔԻՆ եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնները յայտարարեցին, թէ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցութեան համար արտերկրի լիբանանցիներու արձանագրումը կը սկսի 2 հոկտեմբերին:
. ՊԷՅՐՈՒԹԵԱՆ երեսփոխանական աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Պէյրութի անվտանգութեան պահպանումը հաւաքական պատասխանատուութիւն է, որովհետեւ անոր անվտանգութիւնը իր դէմ շարունակուող յարձակումին հետեւանքով վիրաւոր հայրենիքի անվտանգութիւնն է: Ուստի ազգային բոլոր ղեկավարները պէտք է անմիջապէս աշխատանք տանին վերահսկողութեան տակ առնելու հետեւանքները որեւէ դէպքի, որ կրնայ պատահիլ»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Մուտուն»-ին. «Ֆրանսան ու Սէուտական Արաբիան լիբանանեան կառավարութենէն պիտի պահանջեն ներկայացնել բանակի կարիքներուն մանրամասն ցուցակ մը, որ կը ներառէ պահանջուած սարքաւորումները»:
. ԱՐԱԲԱԿԱՆ դիւանագիտական աղբիւրներ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Այժմէն մինչեւ տարուան վերջ երկարող ժամանակը զգայուն է, որովհետեւ Լիբանանէն պահանջներ կան, որոնց գլխաւորը որդեգրումն է ծրագիրին, որ բանակը մշակեց` զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու համար, եւ անիկա միջազգային ընտանիքին համար շատ հիմնական հարց է»:
. ՃԻՒՆԻԻ քաղաքապետը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Ճամբուն երկու կողմերուն վրայ խախտումներն ու ոտնձգութիւնները կարիք ունէին միայն որոշումի, անոր գործադրութեան հետեւելու եւ առնչակիցներու հետ համակարգումի` վերջ տալու համար ճամբուն վրայ քաոսային վիճակին, որ երթեւեկի խճողման տագնապի պատճառներէն մէկն էր»:
. 95 եւ 98 օքթան պենզիններու գիները մնացին ամփոփոխ` յաջորդաբար 1.490.000 լ.ո. եւ 1.530.000 լ.ո.: Մազութին գինը բարձրացաւ 7000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.381.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազինը` 28.000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.096.000 լ.ո.-ի: