Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ «Նահար» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ վարչապետին միջեւ յարաբերութիւնը դատապարտուած է համախոհութեան` բարեկարգումները յաջողցնելու եւ գերիշխանութիւնը տարածելու համար»:
«Անհրաժեշտ է այս երկրին մէջ զէնքի մենաշնորհ հաստատել, եւ երդման ճառն ու կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը այդ կը նշեն», շեշտեց ան:
«Շրջանին մէջ կան մեծ փոփոխութիւններ, որոնցմէ են սուրիական վարչակարգի տապալումը, իրանեան ազդեցութեան նահանջը, Եմէնի վրայ իսրայէլեան յարձակումները, ինչպէս նաեւ Կազայի մէջ տեղի ունեցածը, ուստի շրջանին մէջ նոր օրուան մէջ ենք, եւ գոյութիւն ունի այն մտավախութիւնը, որ շրջանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները հաստատօրէն պիտի ազդեն Լիբանանի վրայ», ըսաւ Սալամ եւ կոչ ուղղեց այս փոփոխութիւններէն օգտուելու ու իրողութեան յարմարուելու:
Վարչապետը Պէյրութի բնակիչներ, իրաւաբաններ, լրատուական մարզի աշխատակիցներ եւ ակադեմականներ ներառող պատուիրակութիւն մը ընդունելով ըսաւ, որ Ռաուշէի ժայռի խնդիրը չաւարտեցաւ, մանաւանդ որ ընդհանուր դատախազ, դատաւոր Ժամալ Հաժժարը հարցաքննութեան կանչուած, սակայն անոր չներկայացած երկու անձերու որոնման հրամանագիր ստորագրեց:
«Որոշ կողմ մը քայլարշաւ կատարելու արտօնագիր խնդրեց, այդ կողմը արտօնագիրի պայմանները խախտեց, ուստի չկատարեց իր խոստումը եւ կորսնցուց հաւաստիութիւնը, եւ ան որ օրէնքը չի յարգեր, պատիժը կը կրէ», շեշտեց Սալամ:
Ան բացատրեց պայմանները, որոնք պատճառ դարձած են օրէնքները չյարգելու եւ պետական սեփականութիւններն ու ազգային խորհրդանիշերը, մասնաւորաբար Ռաուշէի ժայռը Հըզպալլայի նախկին ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի լուսանկարով չլուսաւորելու մասին շրջաբերականի հրապարակման:
«Երկրին մէջ տիրող լարուածութեան պայմաններուն մէջ այս շրջաբերականը հրապարակուեցաւ սադրանքը կանխարգիլելու եւ քաղաքացիական խաղաղութիւնը պաշտպանելու համար», յայտնեց ան:
Սալամ նշեց, որ երկիրը Ռաուշէի ժայռի խնդիրէն աւելի դժուար պայմաններէ անցած է, մասնաւորաբար օդակայանի ճամբուն փակումը, երբ ապահովական ուժերը մէկէ աւելի անգամներ միջամտեցին ու աշխատանք տարին զայն վերաբանալու, ինչպէս նաեւ Աշուրայի տօնի ոգեկոչման ընթացքին զինեալներու երեւան գալը, երբ ապահովական ուժերը դարձեալ միջամտեցին եւ զինեալները ձերբակալեցին:
Ան շեշտեց, որ զինեալ երեւոյթներու ժամանակը վերջ գտաւ:
Սալամ. «Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Նկատմամբ Յանձնառութիւնը Կը Վերահաստատենք»
Ընկերային հարցերու նախարար Հանին Սէյիտ չորեքշաբթի օր ՄԱԿ-ի կիներու հարցերու մարմինին կազմակերպած կլոր սեղանին ընթացքին կարդաց վարչապետ Նաուաֆ Սալամի խօսքը, որուն մէջ ան յայտնեց. «Ընտրական բարեկարգումներու թղթածրարին շուրջ այսօր տեղի ունեցած քննարկումներուն լոյսին տակ անհրաժեշտ կը նկատեմ վերահաստատել այս առումով կառավարութեան եւ իմ անձնական սկզբունքներս.
1.- Վճռական յանձնառութիւնը ընտրութիւնները առանց որեւէ յետաձգման կամ խոչընդոտման իրենց որոշուած ժամկէտին կատարելու:
2.- Երաշխաւորելու երկրէն ներս թէ դուրս գտնուող բոլոր լիբանանցիներուն իրենց ընտրական շրջաններուն մէջ արդար եւ թափանցիկ քուէարկութիւնը:
3.- Ապահովելու ընտրութեան ապահով եւ թափանցիկ պայմաններ, որոնք լիբանանցիներուն կ՛արտօնեն ազատութեամբ մասնակցիլ ընտրութիւններուն, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի հարաւային Լիբանանի մեր ժողովուրդին, որովհետեւ իրենց տուներն ու գիւղերը կորսնցուցածները քուէարկութեան իրաւունքէն զրկուելով պէտք չէ պատժուին:
4.- Ընտրացանկերուն մէջ երկու սեռերուն համար 30 առ հարիւրի քոթայի սկզբունքը ամրագրել` ապահովելով հասարակութեան բոլոր բաղադրիչ մասերուն աւելի արդար ներկայացուցչութիւնը:
5.- Կիները քաջալերել եւ անոնց աջակցիլ մասնակցելու ընտրական հոլովոյթի բոլոր մակարդակներուն` հսկողութեան, կազմակերպումին, քուէարկութեան եւ թեկնածութեան»: