Լիբանան-Սուրիա արդարադատական յանձնախումբը չորեքշաբթի օր իր երկրորդ ժողովը գումարեց Պէյրութի մէջ:
Ժողովը յատկացուած էր իրաւական հարցերու, որոնց կարեւորագոյնները Լիբանանի մէջ սուրիացի բանտարկեալներու թղթածրարը, սուրիական բանտերուն մէջ անհետացած լիբանանցիներու հարցն ու սուրիացի գաղթականները իրենց երկիրը վերադարձնելու հարցն էին:
Յանձնախումբը ժողովի ընթացքին քննարկեց երկու երկիրներուն միջեւ արդարադատական գործակցութեան վերաբերեալ համաձայնութեան նախագիծ մը:
«Շարք Աուսաթ» օրաթերթը լիբանանցի պաշտօնատար մը մէջբերելով հաղորդեց. «Լիբանան Սուրիայէն տեղեկութիւններ խնդրեց լիբանանցի քաղաքական, կրօնական, զինուորական, ապահովական եւ լրատուական ղեկավարներու ահաբեկումներուն մասին, զորս գործադրած ըլլալու ամբաստանութեամբ կը կասկածուի Սուրիոյ նախկին վարչակարգը»:
Պաշտօնատարը յայտնած է, որ տիւրզի ղեկավար Քամալ Ժոմպլաթի ահաբեկումէն մինչեւ հետազօտող Լուքման Սլիմի ահաբեկումը երկարող սպանութիւններուն վերաբերեալ սուրիական նոր վարչակարգի տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր փաստաթուղթերը, տեղեկութիւններն ու ապացոյցերը խնդրած են` նշելով, որ սուրիական կողմը «այդ առնչութեամբ դրական ընկալում ցուցաբերեց»: