Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Գերագոյն Նպատակը Պետութեան Հարցերուն Լուծման Մէջ Իշխանութեան Միասնութեան Պահպանումն Է» Կ՛ըսեն Նախկին Վարչապետները

October 2, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախկին վարչապետներ Նեժիպ Միքաթի, Ֆուատ Սինիորա եւ Թամմամ Սալամ յայտնեցին, որ քննարկած են տարբեր մակարդակներու վրայ արձանագրուող զարգացումները:

Անոնք ողջունեցին, իրենց աջակցութիւնը եւ կառչածութիւնը վերահաստատեցին նախարարաց խորհուրդի 5 օգոստոսին եւ 5 սեպտեմբերին զէնքը լիբանանեան պետութեան մենաշնորհը դարձնելու երկու որոշումներուն` անհրաժեշտ նկատելով անոնց գործադրութիւնը, եւ առանց որեւէ ետքայլի կամ տատամսումի այդ նպատակի իրագործումը հետապնդելու:

«Ազգային գերագոյն շահը կը պահանջէ, որ բոլորը ընդառաջեն զէնքը լիբանանեան օրինական ուժերու մենաշնորհը դարձնելու որոշումին, որովհետեւ այս որոշումը պէտք է շուտով գործադրուի, որպէսզի լիբանանեան պետութիւնը մինակը դառնայ երկրի եւ քաղաքացիներու անվտանգութեան պատասխանատուն», նշեցին նախկին վարչապետները:

Միքաթի, Սինիորա եւ Թամմամ Սալամ եզրափակեցին շեշտելով. «Ներկայ պայմաններուն մէջ գերագոյն եւ կարեւորագոյն նպատակը երկրին միասնականութեան եւ պետութեան հարցերուն լուծման մէջ իշխանութեան միասնականութեան պահպանումն է, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի գործադրութեանը մէջ այն քայլերուն, որոնք կ՛իրագործեն սահմանադրութեան, Թաէֆի համաձայնագիրի եւ օրէնքի իշխանութեան կառչածութիւնն ու գործադրութիւնը:

«Կը յուսանք, որ ասիկա կը բիւրեղանայ սահմանադրական իշխանութիւններու համագործակցութեան եւ համերաշխութեան միջոցով` այս նպատակներուն հասնելու եւ ժողովուրդի միասնութեան ու պետական գործերու կառավարման նկատմամբ վստահութիւնը ամրապնդելու համար:

«Վարչապետները նաեւ անհամբեր կը սպասեն, որ տնտեսական, ելեւմտական եւ վարչական բարեկարգումներու մէջ յառաջընթաց արձանագրուի, եւ մնայուն ջանք թափուի վերակառուցելու Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումներուն հետեւանքով քանդուածը, ինչ որ պետութիւնը կարող կը դարձնէ արաբական եւ միջազգային յաւելեալ աջակցութիւն ստանալու` ամրապնդելու համար լիբանանեան բանակին ու ապահովական ուժերուն կարողութիւնները, ինչ որ Լիբանանը կարող կը դարձնէ վերաշինութեան հոլովոյթին մէջ յառաջ ընթանալու, իրագործելու լիբանանեան տնտեսութեան վերականգնումը, դուրս գալու իր տագնապներէն եւ զբաղելու գերիշխան, ազատ ու անկախ իր պետութեան կառուցումով»:

 

Նախորդը

Հզօր Լիբանան. «Այն, Ինչ Որ Խորհրդարանին Մէջ Տեղի Ունեցաւ, Ընտրութիւններու Կայացումը Արգիլելու Մտադրութեանց Գոյութիւնը Ցոյց Կու Տայ»

Յաջորդը

Հաժժար Նախագահ Աունին Ներկայացուց Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Պատրաստութիւնները

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.