ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան հինգշաբթի, 2 հոկտեմբեր 2025-ին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին ներկայ էին Կեդրոնական կոմիտէի քարտուղար Ճորճ Գրիգորեան, անդամներ` նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեան եւ ճարտարագէտ Կարօ Յարութիւնեան:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան պատուիրակութեան մաս կը կազմէին երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ, կուսակցութեան նախագահի քաղաքական եւ ընտրական հարցերու օգնական Սերժ Տաղեր, քաղաքական գրասենեակի անդամներ` նախկին նախարար Ալեն Հաքիմ եւ Ժոել Պու Ապպուտ, ինչպէս նաեւ Մեթնի եւ Պէյրութի շրջաններու նախագահներ` Միշել Հըրաուի եւ Շատի Պուսթանի:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան պատուիրակութիւնը շնորհաւորեց ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Կեդրոնական կոմիտէին եւ անոր նոր ներկայացուցիչին ընտրութեան առիթով:
Հանդիպումին շեշտուեցաւ կողմերուն պատմական աջակցութիւնը պետական հաստատութիւններուն եւ երկրին կայունութեան: Ներկայացուեցան նաեւ երկրին մէջ դիտուող դրական զարգացումները, յատկապէս նոր նախագահական պաշտօնի եւ կառավարութեան շրջանակներուն մէջ: Երկու կողմերն ալ ընդգծեցին լիբանանցիներու համախոհութեան ու երկխօսութեան կարեւորութիւնը` տարբեր կարծիքներու մերձեցման համար:
Խորհրդակցութեան նիւթերէն էին օրէնսդրական եւ քաղաքական ջանքերը, որոնք կապուած են ապագայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, ինչպէս նաեւ արտերկրի լիբանանցիներու քաղաքական կեանքին մասնակցութեան ապահովումը` նկատի ունենալով անոնց տնտեսական եւ հասարակական դերը:
Քննարկուեցան նաեւ տնտեսական մարտահրաւէրները, մասնաւորաբար օրէնսդրական կողմը, ֆինանսական բարեփոխումները եւ դրամատուներու մէջ պահ դրուած գումարներ ունեցողներուն իրաւունքները:
Երկու կողմերն ալ համաձայնեցան շարունակել խորհրդակցութիւնները եւ պարբերաբար հանդիպումներ կազմակերպել: