Փոխվարչապետ Թարեք Մըթրի երէկ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ հանրապետութեան նախագահը տեղեակ պահած է չորեքշաբթի օր գումարուած Լիբանան-Սուրիա ժողովներու արդիւնքներէն` աւելցնելով, որ անոնք բանակցութիւններ են, որոնք կը նպաստեն Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ վստահութեան ամրապնդման:
«Տարբեր թղթածրարները սերտեցինք եւ աշխատանք կը տանինք լուծելու համար առկախ հարցերը, որոնց գլխաւորը լիբանանեան բանտերուն մէջ սուրիացի կալանաւորուածներու նիւթն է: Սուրիական կողմին հետ պիտի շարունակենք այս հարցը քննարկել, ինչպէս նաեւ սուրիական բանտերուն մէջ լիբանանցիներու գոյութեան իրականութիւնը բացայայտելու համար գործակցութեան վերաբերող խնդիրները», աւելցուց փոխվարչապետը:
Մըթրի նշեց. «Հանրապետութեան նախագահը իր ցուցմունքները տուաւ այս ամսուան կիսուն Մոսկուայի մէջ գումարուելիք արաբ-ռուսական առաջին վեհաժողովին զինք ներկայացնելու վերաբերեալ»:
«Անդրադարձանք նախարարաց խորհուրդի յառաջիկայ նիստին, որուն ընթացքին կը նախատեսուի, որ բանակի հրամանատարութենէն լսենք զէնքի մենաշնորհման վերաբերեալ բանակի ամսական զեկուցումը: Նաեւ քննարկեցինք կառավարութեան եւ հանրապետութեան նախագահին միջեւ գոյութիւն ունեցող վստահութեան մթնոլորտը», եզրափակեց Մըթրի: