«Հաշուետուութեան պիտի կանչենք» արշաւի անդամները երէկ Պէյրութի Արդարութեան պալատին դիմաց կատարեցին ցոյց մը, որուն ընթացքին անոնք բողոքեցին դատական իշխանութիւններուն մէջ տարածուած փտածութեան դէմ:
Ցոյցին ընթացքին «Հաշուետուութեան պիտի կանչենք» արշաւին անդամները կոչ ուղղեցին լիբանանցիներուն հինգշաբթի, 14 յունուարին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ բողոքի հաւաք մը կատարելու` կառավարութեան գումարելիք նիստին զուգահեռ: