
Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ ընդունեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելը, գաղթականներու հարցերու նախարար Ալիս Շապթինին եւ մարմնակրթութեան ու երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուին, որոնց հետ քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Մուքպել յայտնեց, որ զինուորական նշանակումները պիտի կատարուին` նկատի ունենալով ունակութիւններն ու ատակ թեկնածուներու չափանիշները:
Մուքպել յայտնեց, որ Սլէյմանի հետ քննարկած է նաեւ Սէուտական Արաբիա անոր կատարած այցելութեան արդիւնքները:
Նախագահելէ ետք նախարարական իր պլոքին նիստին, զօր. Սլէյման շեշտեց նաեւ քաղաքապետական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու անհրաժեշտութիւնը: