Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Գումարեց Իր Ընթացիկ Նիստը` Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումի Եւ Հըզպալլայի Նախարարներուն Բացակայութեան

Յունուար 15, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

MinisterialCouncil_011416

Նախարարաց խորհուրդի աշխատանքը աշխուժացնելու նպատակով երէկ առաւօտեան ժամը 10:30-ին կառավարութիւնը գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:

Նիստէն բացակայեցան նախարարներ Ժըպրան Պասիլ, Էլիաս Ապու Սաապ, Արթիւր Նազարեան, Ռոնի Արայժի, Հիւսէյն Հաժ Հասան եւ Մոհամետ Ֆընէյշ:

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ վարչապետ Թամմամ Սալամին տեղեկացուց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի նախարարները պիտի չմասնակցին կառավարութեան նիստին` բողոքելով այն իրականութեան դէմ, որ կառավարութեան քննարկելիք օրակարգին վրայ զինուորական նշանակումները չեն ներառուած:

Հակառակ վերոնշեալ նախարարներուն բացակայութեան, նախարարաց խորհուրդը որոշեց գումարել իր նիստը` երկրին սահմանադրութեան համաձայն, այսինքն` ներկայ նախարարներով:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ նախարարաց խորհուրդը իր նիստը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով նախկին նախարար Ֆուատ Պութրոսի յիշատակը:

Ան նշեց, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Սալամ շեշտած է, որ աղբերը Լիբանանէն դուրս հանելու հոլովոյթը մօտիկ ապագային պիտի սկսի` ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է աղբի տագնապի վերջնական լուծման յանգիլ: Այս շրջագիծին մէջ Ժրէյժ աւելցուց, որ կառավարութիւնը իր վստահութիւնը շնորհած է երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպին` դրուատելով աղբի տագնապին լուծման առումով անոր ի գործ դրած մեծ ջանքերը:

«Վարչապետ Սալամ շեշտեց նաեւ, որ իշխանութեան մէջ տարակարծութիւնները շատ են, սակայն պէտք չէ կառավարութեան բեռցնել այդ տարակարծութիւններուն պատասխանատուութիւնը, այլ պէտք է առիթ տալ, որ ան գործէ եւ ժողովուրդին հարցերը լուծէ: Սալամ ընդգծեց, որ ինք յանձնառու պիտի մնայ յառաջիկայ հանգրուանին նախարարաց խորհուրդը մնայուն կերպով նիստերու հրաւիրելու` աւելցնելով, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին պիտի օժանդակէ տարակարծութիւնները փարատելու աշխատանքին», ըսաւ Ժրէյժ:

Ան նշեց նաեւ, որ վարչապետ Սալամ ընդգծած է նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը:

Ժրէյժ յայտնեց, որ կառավարութիւնը տուած է շարք մը որոշումներ, որոնք կը վերաբերին կարգ մը նախարարութիւններու յատկացուելիք գումարներուն` բարգաւաճման որոշ ծրագիրներու գործադրութեան նպատակով, ինչպէս նաեւ համաձայնութիւն յայտնած է կրթական, արհեստագիտական եւ մարմնակրթութեան մարզերուն մէջ Լիբանանի եւ Ռումանիոյ կառավարութիւններուն միջեւ գործակցութեան ծրագիր մը սկսելուն:

Քաղաքացիական Պաշտպանութեան
Ուժերու Նստացոյց

Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու կամաւոր անդամները, որոնք 33 օրէ ի վեր նստացոյցի մէջ կը գտնուին եւ կառավարութենէն կը խնդրեն ընդառաջել իրենց պահանջներուն, երէկ կէսօրէ ետք մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեցին, որ երկուշաբթի, 18 յունուարին, կէսօրուան ժամը 1:00-ին պիտի հաւաքուին Լիբանանի հինգ նահանգներուն մէջ` ուղղուելու համար սուրիական հողեր, ուր անոնք պիտի միանան Սուրիոյ մէջ գործող մարդասիրական կազմակերպութիւններուն:

Անոնք նշեցին, որ հանդիպումներ ունեցած են քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ եւ բոլորին կողմէ հաստատումներ ստացած իրենց պահանջներուն արդարացիութեան մասին:

Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նշուեցաւ նաեւ, որ իրենց նստացոյցերը եւ բողոքը մնայուն կերպով խաղաղ եղած են` առանց ճամբաները փակելու կամ համայնքային եւ յարանուանական կիրքեր հրահրելու, ինչպէս նաեւ առանց թերանալու իրենց պարտականութիւնները կատարելու առումով:

Երեկոյեան ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ պահանջեց Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն թղթածրարը կառավարութեան յաջորդ նիստին քննարկելիք օրակարգին առաջին կէտը նկատել:

Քաղաքացիական Ընկերութեան
Անդամներու Բողոքի Ցոյց

gensolordi_nakhararutyun_011416Կառավարութեան նիստին զուգահեռ քաղաքացիական ընկերութեան անդամները կազմակերպեցին բողոքի ցոյց մը` մերժելով աղբերը երկրէն դուրս հանելու կառավարութեան որոշումը: Այս շրջագիծին մէջ, «Հոտերնիդ ելաւ» եւ «Հաշուետուութեան պիտի կանչենք» արշաւները Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ կատարեցին բողոքի ցոյց մը:

«Հաշուետուութեան պիտի կանչենք» արշաւին անդամները փորձեցին վարչապետարանին շուրջ զետեղուած փշաթելերը վերցնել` վարչապետարանը  հաւկիթներով հարուածելով:

Աւելի ուշ, «Հոտերնիդ ելաւ» եւ «Հաշուետուութեան պիտի կանչենք» արշաւներուն անդամները մուտք գործեցին կենսոլորտի նախարարութիւն, ուր անմիջապէս հասան ապահովութեան ուժերը եւ փակեցին նախարարութեան մուտքը, ուր հրմշտուք արձանագրուեցաւ ապահովութեան ուժերուն եւ քաղաքացիներուն միջեւ:

Ապահովութեան ուժերը ձերբակալեցին նախարարութիւն մուտք գործած քաղաքացիական ընկերութեան անդամները, որոնք մինչեւ գիշեր ազատ արձակուեցան, բացի երկու հոգիէ, որոնք երթեւեկի օրէնքները խախտելու պատճառով տուրքեր ունէին վճարելիք:

 

 

Նախորդը

«Լիբանանեան Բանակին Կռուելու Եւ Գումակային Կարողութիւնները Բարելաւելու Նպատակով Որակական Յառաջդիմութիւն Արձանագրուած Է» Շեշտեց Զօր. Քահուաժի

Յաջորդը

Միշել Սմահա Ազատ Արձակուեցաւ Զինուորական Ատեանին Որոշումով

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?