ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա փտածութեան մարմնացում է` նկատի ունենալով անոր պատճառած լարուածութիւններն ու հրահրած յարանուանական սադրանքները:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ դաշնակցելու առումով ոչ մէկ արգելք կայ` աւելցնելով, որ երկու ուժերուն մօտ գոյութիւն ունի անցեալի էջը փակելու համոզում մը:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու յատուկ աղբիւրներ լաւատես են կառավարութեան այսօրուան նիստին գումարումին առումով:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան կողմէ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան առաջադրումը հաւանական է:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան կողմէ հրապարակուած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 100 լ. ոսկիով, իսկ մազութինը` 300 լ. ոսկիով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան առաջադրումը շրջանին մէջ դէպի իրանեան կողմնորոշում շրջադարձ կատարելու ընտրանք է:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան առաջադրումը Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը իրարանցումի մատնած է: Ան աւելցուց, որ նախարարներ Ժըպրան Պասիլ եւ Էլիաս Ապու Սաապ կառավարութեան նիստին պիտի մասնակցին, եթէ հրաշք մը պատահի:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, նախագահական ընտրութեան թղթածրարը սառած վիճակի մէջ կը գտնուի:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի աղբիւրներ հաստատեցին, որ նախարարաց խորհուրդը լրիւ կազմով պիտի գումարէ իր այսօրուան նիստը:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիէն ստացած է զինուորական նշանակումներուն վերաբերող առաջարկ մը:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպը անկարելի է ազատ արձակել, նախքան Հանիպաալ Քազզաֆիի ազատ արձակումը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժորժ Ատուան շեշտեց, որ կուսակցութիւնը համաձայն է քաղաքապետական ընտրութիւնները ճշգրիտ թուականին կատարելու:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Իպրահիմ Նաժժար շեշտեց, որ եթէ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը առաջադրէ, ապա Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ պիտի ստիպուի առաջադրել Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութիւնը:
ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Մոհամետ Մաշնուք յայտնեց, որ առանց նախարարութեան արտօնագիրին գործող աղբերու հրկիզման որեւէ սարք ապօրինի պիտի նկատուի:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտ յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա իր մղած պատերազմի բոլոր հանգրուաններուն ձախողած է` սկսեալ Աֆղանիստանէն, անցնելով Իրաք եւ հասնելով մինչեւ Լիբանան:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական կողմերուն միջեւ գժտութիւնը համազօր է բաժանումի, որ խիստ մերժելի է: Ան նշեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը լուրջ է` աւելցնելով, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ մնայուն կապի մէջ է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի շեշտեց, որ Գահիրէի մէջ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի որդեգրած կեցուածքը ամօթալի էր: Ան շեշտեց, որ Հըզպալլա պէտք է համոզէ իր դաշնակից զօր. Միշել Աունը` կառավարութեան աշխատանքները աշխուժացնելու առումով:
ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ հոգեւորականներու համադաշնակցութեան ընդհանուր քարտուղար շէյխ Մահեր Համմուտ շեշտեց, որ Իրան կրնայ դիմադրել իր դէմ մղուող համաշխարհային յարձակումին, որ ֆինանսաւորուած է այլ երկիրներու կողմէ:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Անթուան Նասրալլա շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժերուն հետ խորհրդակցութիւններն ու գործակցութիւնը կրնան արդիւնաւորուիլ զօր. Միշել Աունի թեկնածութիւնը առաջադրելով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի յանձնառու է իր առաջադրած նախագահական ընտրութեան նախաձեռնութեան:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր անհաւանական նկատեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով մօտիկ ապագային համաձայնութիւն գոյանայ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Քազեմ Խէյր շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն նախաձեռնութիւնները կը միտին լուծել կառավարութեան եւ նախագահական ընտրութեան թղթածրարները:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին շեշտեց, որ ինք կը մերժէ փոխանակումներ կատարելու նպատակով Լիբանանը իբրեւ անցք օգտագործել տալ:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, քաղաքապետական խորհուրդներու պաշտօնավարութեան երկարաձգումը ինքզինք պարտադրող հաւանականութիւն է: