
Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ երէկ շեշտեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իսկական ոճրագործ մըն է, որ պատասխանատու է շրջանին արիւնահեղութեան:
«Էրտողան երէկ յայտարարեց, որ Պոլսոյ մէջ անձնասպանական գործողութեան հեղինակը սուրիացի է. ատիկա մէկը կը նշանակէ, թէ Թուրքիոյ աշակերտները սկսած են իր դէմ գործել», ըսաւ Ուահապ:
Ան շեշտեց նաեւ, որ ռուսական օդանաւը վար առնելու գինը պիտի ըլլայ Թիւրքմէններու լերան վերացումը` աւելցնելով, որ թիւրքմէնները եղան առաջինները, որոնք դաւաճանեցին Սուրիոյ:
«Էրտողան Սուրիան եւ Իրաքը ողողեց ահաբեկիչներով, իսկ Եւրոպան` գաղթականներով, ինչպէս նաեւ ուզեց քանդել Եգիպտոսը, սակայն Էրտողանի դէմ եգիպտական հզօր բանակին դիմադրութեան շնորհիիւ կարելի եղաւ փրկել երկիրը», եզրափակեց Ուահապ:


