
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Իրաքի խորհրդարանի նախագահ Սելիմ Ժապուրին, որուն հետ քննարկեց շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս ահաբեկչութեան դէմ պայքարին վերաբերեալ:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Իրաքի դեսպան Ալի Ամիրի:
Հանդիպումէն ետք Ժապուրի մեկնեցաւ Իրաք:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխան Ուալիտ Սըքքարիէ եւ կապալառուներու սենտիքայի նախագահ Մարուն Հըլու:


