Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահական Ընտրութեան Հոլովոյթը Յոյսեր Չի Ներշնչեր, Իսկ Ամբողջական Կազմով Նախարարաց Խորհուրդի Նիստ Մը Գումարելու Կարելիութիւնը Կը Մնայ Անորոշ

Յունուար 13, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Օր մը առաջ կառավարութեան գործունէութիւնը աշխուժացնելու մասին կատարուած ուխտերն ու խոստումները երէկ սկսան երերալ, երբ Ռապիէ ընդգծեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախարարներուն մասնակցութիւնը` կառավարութեան վաղուան նիստին, կախեալ է ապահովական կառոյցներու պետերուն նշանակումներուն մասին ի գործ դրուող ճիգերէն եւ գոյանալիք համաձայնութենէն:

Հինգշաբթի օրուան կառավարութեան նիստին դէմ բողոքի իբրեւ արտայայտութիւն, երէկ Քաղաքացիական ընկերութեան մէկ թեւը` «Հաշուետուութեան պիտի կանչենք» արշաւը, կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն հինգշաբթի առաւօտեան ժամը 10:30-ին համախմբուելու Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ, նախարարաց խորհուրդին նիստին զուգահեռ:

Մինչ գործադիր իշխանութեան վերաբերող այս զարգացումները կ՛արձանագրուէին, լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ ինքզինք կը պարտադրէր Ա. իշխանութեան պետի ընտրութեան թղթածրարը:

Նախագահական ընտրութեան թղթածրարին շրջագիծին մէջ իրենք զիրենք  պարտադրեցին երկու լուրեր, որոնցմէ առաջինը` չհաստատուած եւ չհերքուած լուր մը, որ կը վերաբերէր նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի միջեւ հանդիպումին, իսկ երկրորդը` Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի կողմէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան առաջադրումի մեծ հաւանականութեան:

Քաղաքական զարգացումներէն անկարելի է մէկդի ձգել նաեւ ապահովական կացութիւնը, որուն շրջագիծին մէջ բանակն ու ապահովական կառոյցները կը շարունակեն ահաբեկչութեան դէմ իրենց պայքարը` մերթ ահաբեկիչները ռմբակոծումի թիրախ դարձնելով եւ մերթ զանոնք հետապնդելով, ձերբակալելով եւ ահաբեկչական նոր բջիջներ բացայայտելով:

Միւս կողմէ, օտար երկիրներու մէջ իրենց ապագան փնտռող լիբանանցիներ դարձեալ կ՛ենթարկուին անողոք ճակատագիրի մը` Թուրքիոյ ծովափին վրայ դառնալով անշնչացած մարմիններ, իսկ աղբի տագնապը կը շարունակէ մնալ տիրական եւ վտանգ սպառնալ կենսոլորտին ու քաղաքացիներուն առողջութեան:

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Իրաքի Խորհրդարանի Նախագահին Հետ Քննարկեց Շրջանային Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Թուրքիոյ Մէջ Տինքի Սպանութեան Գործով Դատախազը Հեռացուցած Են Հետաքննութենէն

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?