Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր շեշտեց, որ նախարարութիւնը բոլոր շրջաններուն մէջ գտնուող իր վարչական գրասենեակներուն ընդմէջէն պատրաստ է դիմագրաւելու որեւէ հարց, որ կրնայ ստեղծուիլ Լիբանանը հարուածելիք ձիւնամրրիկին պատճառով:
Զաայթեր ընդգծեց, որ նախարարութեան անձնակազմը ամէնօրեայ դրութեամբ կազմ ու պատրաստ կը հսկէ քաղաքացիներուն անվտանգութեան:
Միւս կողմէ, Զաայթեր բարգաւաճման վերաբերող հարցեր քննարկեց երեսփոխան Այուպ Հըմայէտի, ինչպէս նաեւ երեսփոխան Խտըր Հապիպի հետ:
Հանդիպումէն ետք Հապիպ շեշտեց, որ Զաայթեր յանձնառու է Աքքարի բարգաւաճման: