Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանան Քաղաքական Տեղքայլի Մէջ, Իսկ Արսալ` Բանակին Եւ ՏԱՀԵՇ-ի Միջեւ Բախումներու Թատերաբեմ

February 4, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

lebarmy_020316

Քաղաքական առումով Լիբանանի մէջ տեղքայլը կը շարունակուի` նկատի ունենալով, որ նախագահական ընտրութեան կարելիութիւնը իրողապէս կը մնայ առկախ:

Նախագահական անյապաղ ընտրութիւն կատարելու մասին երէկ կէսօրին Պքերքէի մէջ Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդին կողմէ արձանագրուեցան կոչեր, իսկ երեկոյեան ընկերային ցանցի ընձեռած հաղորդակցութեան շրջագիծին մէջ տիւրզի համայնքի երկու ղեկավարներ «Թուիթըր»-ի իրենց կեցուածքներուն ընդմէջէն փորձեցին ճշդել հանրապետութեան նախագահին «պատկանելիութիւնը»:

Այս առումով, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ ըսաւ. «Ըստ երեւոյթին, Լիբանանի ապագայ նախագահը պարսկական գորգի վրայ պիտի գայ»:

Իր կարգին, Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ այս յայտարարութեան պատասխանեց. «Ուալիտ բէկ, ատիկա աւելի լաւ չէ՞, քան սէուտական ուղտը»:

Միւս կողմէ, երէկ շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ այն լուրը, թէ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր Ռիատի մէջ հանդիպում մը ունեցած է նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ սէուտցի  պատասխանատուներու հետ` աւելցնելով, որ Ապու Ֆաուր պիտի այցելէր նաեւ Փարիզ: Սակայն այս լուրին ստոյգ ըլլալը չհաստատուեցաւ:

Մինչ առաջին իշխանութիւնը կը թուի տակաւին երկար ատեն թափուր վիճակի մէջ մնալ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շեշտեց, որ կառավարութեան գործունէութեան հունաւորուելուն կողքին պէտք է նաեւ թափ տալ խորհրդարանական աշխատանքներուն:

Իսկ գործադիր իշխանութեան պետ Թամմամ Սալամ այսօր Լոնտոնի մէջ պիտի մասնակցի Սուրիոյ եւ շրջանին օժանդակելու թեման կրող միջազգային խորհրդաժողովի մը, որուն արդիւնքները կրնան նմանիլ նախորդ խորհրդաժողովներուն արդիւնքներուն, այսինքն` անոնք կրնան մնալ խոստումներու սահմաններուն մէջ, առանց գործնական օժանդակութիւն ապահովելու սուրիացի գաղթականներուն:

Ապահովական առումով, լիբանանեան բանակը երէկ առաւօտեան Արսալի մէջ կատարեց ներխուժում մը, որուն ընթացքին սպաննուեցաւ ահաբեկիչ մը, իսկ 27 ուրիշներ ձերբակալուեցան: Ձերբակալեալներուն շարքին կը գտնուի նաեւ վտանգաւոր ահաբեկիչ Ահմետ Նուն:

Արսալի Ուատի Արանեպ շրջանին մէջ բանակը թիրախ դարձուց հաւատադրժողական ահաբեկիչներու կեդրոն մը, որուն մէջ ձերբակալուեցան ՏԱՀԵՇ-ի պատասխանատու Ապու Պաքր Ռաքքաուի եւ ուրիշներ, ինչպէս նաեւ այդտեղէն գրաւուեցան զէնք, զինամթերք, ձեռնառումբեր, ձայնարգելներ, երկու զրահապատ եւ ականուած գօտիներ:

Բանակին եւ ՏԱՀԵՇ-ի անդամներուն միջեւ բախումներուն ընթացքին սպաննուեցաւ Անաս Խալետ Զաարուրը, իսկ Նուկու ծածկանունով ծանօթ ահաբեկիչ Ապտել Ռահման Ֆլիթիի դիակը գտնուեցաւ ինքնաշարժի մը մէջ:

Աւելի ուշ զինեալ բախումներ արձանագրուեցան նաեւ բանակի մէկ զօրամասին եւ Ահմետ Ամմունի խմբաւորումին միջեւ, իբրեւ արդիւնք ահաբեկիչներու ամբողջ խմբաւորումը ձերբակալուեցաւ բանակին կողմէ:

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Այսօր Կը Մասնակցի Լոնտոնի Մէջ Տեղի Ունենալիք Խորհրդաժողովին

Յաջորդը

Ուաշինկթըն 10 Միլիոն Տոլար Պիտի Յատկացնէ Վրաստանին` Հայ-Վրացական Սահմանը Ամրապնդելու Համար

RelatedPosts

Փարիզի Մէջ Բանակի Աջակցութեան  Խորհրդաժողովը` 5 Մարտին
Գլխաւոր լուրեր

Փարիզի Մէջ Բանակի Աջակցութեան Խորհրդաժողովը` 5 Մարտին

January 15, 2026
Լիբանանի Պետական Պատկերասփիւռի Արխիւը`  ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Աշխարհի  Յիշողութեան Ցուցակի Թեկնածու
Լիբանանեան

Լիբանանի Պետական Պատկերասփիւռի Արխիւը` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Աշխարհի Յիշողութեան Ցուցակի Թեկնածու

January 15, 2026
Ընդունելով Լը Տրիանը`  Պըրրի. «Իսրայէլ Պէտք Չէ Լիբանանի Դէմ  Իր Յարձակումները Շարունակէ»
Լիբանանեան

Ընդունելով Լը Տրիանը` Պըրրի. «Իսրայէլ Պէտք Չէ Լիբանանի Դէմ Իր Յարձակումները Շարունակէ»

January 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.