Մինչ նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը կը մնայ տեղքայլի մէջ, կառավարութիւնը այսօր առաւօտեան կը գումարէ իր նիստը, որմէ կ՛ակնկալուի ընդառաջել քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն պահանջին` կամաւոր ծառայողները վերածելով մնայուն պաշտօնեաներու:
Այս թղթածրարը, որուն վաւերացումին առնչութեամբ տարբեր հեղինակութիւններ հաստատումներ կատարեցին, այլեւս փշոտ հարց չի նկատուիր, բացի եթէ մետասաներորդ պահուն այդ որոշումը չգոյանայ:
Ի տես երկրին մէջ տիրող մթնոլորտին, վարչապետ Սալամ երէկ հաստատեց, որ կառավարութեան աշխատանքին արդիւնաբերութիւնը պահպանելու համար, պէտք է զայն քաղաքական տարակարծութիւններէ զերծ կացուցել:
Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի արտաքին քաղաքականութեան պարագային բացթողումները հարթելու կարեւորութեան:
Իսկ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ Սէուտական Արաբիոյ մէջ գործող լիբանանցի գործարարներու պատուիրակութեան հետ իր հանդիպումին ընթացքին ըսաւ, որ յարգելով Արաբական լիկայի ուխտը, Լիբանան կը մերժէ արաբական երկիրներուն ներքին հարցերուն միջամուխ դառնալ` շեշտելով հանդերձ, որ Լիբանան խստիւ կը դատապարտէ Իրանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան դէմ գործուած յարձակումը:
Ներկայ հանգրուանին, լուսարձակի տակ առնուած են քաղաքապետական ընտրութիւնները, որոնց յետաձգումին մասին շշուկները արդէն իսկ շրջանառութեան մէջ դրուած են:
Միւս կողմէ, քաղաքապետարանները ամբաստանուած են նաեւ աղբեր հրկիզելու յանցանքով եւ իբրեւ այդպիսին անոնցմէ 74-ին անունները առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի կողմէ երէկ յանձնուեցան ընդհանուր դատախազութեան:
Սակայն Ապու Ֆաուրի հրաւիրած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին կատարուած էր յայտարարութիւն մը, որ աւելի հետաքրքրական էր. ան շեշտած էր, որ առաւելագոյնը մինչեւ ներկայ ամսուան աւարտը աղբերը երկրէն դուրս պիտի բերուին:
Քաղաքական առումով մարոնի համայնքին հանգստութիւն ապահոված Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ համաձայնութիւնը երէկ քննարկումի առարկայ դարձաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կողմէ Պքերքէ գործուղուած երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի միջեւ:
Ապահովական իմաստով բանակը շարունակեց ռմբակոծել Արսալի բարձունքները գտնուող ահաբեկիչներուն դիրքերը:
Գնահատելով բանակին աշխատանքն ու ջանքերը` փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել այցելեց բանակի գործողութիւններու կեդրոնը, ուր ան հետեւեցաւ կեդրոնին աշխատանքներուն` շեշտելով, որ բանակին զոհողութիւններուն եւ երկիրը պաշտպանելու կամքին դիմաց բոլոր օժանդակութիւնները քիչ են:
Իսկ Արսալի իրավիճակին ու զայն ազատագրելու ճիգերուն դիմաց, առաջին անգամ ըլլալով արձանագրուեցաւ պաշտօնական յայտարարութիւն մը, երբ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք բացայայտ կերպով Տար Ֆաթուայէն հաստատեց, որ Արսալը զինուորական գործողութեամբ մը ազատագրելը մերժելի է: