
Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու «Մուսթաքպալ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Թուրքիա Լիբանանի բարեկամ երկիր է եւ կասկածէ վեր է, որ ան ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ լուծելու համար Լիբանանի դիմագրաւած տագնապները:
«Առաջին անգամը չէ, որ Թուրքիա նման նախաձեռնութեան կը դիմէ. 2008-ին Անգարա մեծապէս նպաստած է լիբանանեան ներքին հարցերուն լուծման», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Թուրքիա պատրաստ է ամէն ջանք ի գործ դնելու` լուծելու համար Լիբանանի նախագահական ընտրութեան դիմագրաւած խնդիրները` նկատի ունենալով, որ Լիբանանի քաղաքական բոլոր ուժերը Թուրքիոյ բարեկամներն են:
Տաւութօղլու յայտնեց, որ Լոնտոնի մէջ հանդիպում մը ունեցած է վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ եւ անկէ ստացած Լիբանան այցելութեան հրաւէր մը, որուն մօտիկ ապագային պիտի ընդառաջէ:
Տաւութօղլու շեշտեց, որ իբրեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար ինք բազմիցս այցելած է Լիբանան, սակայն առաջին անգամ ըլլալով է, որ իբրեւ վարչապետ պիտի այցելէ Պէյրութ: