Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:
Նիստէն բացակայեցան նախարարներ Նեպիլ տը Ֆրէյժ եւ Ալեն Հաքիմ:
Աւելի քան չորս ժամ տեւած նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ նախարարաց խորհուրդին գումարած նիստին ընթացքին վարչապետ Սալամ շեշտած է, որ այս նիստին նպատակն է քննարկել անցեալ նիստէն մնացած օրակարգի կէտերը:
Ժրէյժ նշեց, որ այդ շրջագիծին մէջ կառավարութիւնը վաւերացուց Եւրոպական Միութեան եւ լիբանանեան պետութեան միջեւ օդային ծառայութիւններու վերաբերող օրէնքներ, լիբանանեան պետութեան եւ Միջազգային դրամատան միջեւ շինարարութեան եւ ընկերային մարզի ֆինանսաւորման վերաբերող ծրագիր մը, կրթական տարեշրջանին ընթացքին շաբաթը վեց օրուան դրութեամբ Լիբանանի զբօսաշրջական վայրերու ձրի այցելութեան արտօնութիւն` պետական եւ սեփական դպրոցներ յաճախող աշակերտներուն, եւ քաղաքապետական ու թաղապետական, ինչպէս նաեւ Ժեզզինի երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւնները կատարելու գումարներու յատկացում:
«Ժամանակին նեղ ըլլալուն պատճառով կառավարութիւնը չկրցաւ սերտել արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի կողմէ նախկին նախարար Միշել Սմահայի թղթածրարը Արդարութեան խորհուրդ փոխանցելու կարելիութիւնը, ինչպէս նաեւ օրակարգէ դուրս արծարծուած շարք մը այլ հարցեր», ըսաւ Ժրէյժ` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը չորեքշաբթի, 10 եւ հինգշաբթի, 11 փետրուարին պիտի գումարէ յաջորդական երկու նիստեր` շարունակելու համար այդ օրակարգին քննարկումը:
Քաղաքացիական
Պաշտպանութեան Ուժեր
Կառավարութեան նիստին զուգահեռ, Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ բողոքի ցոյց մը կազմակերպող Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը, որոնք խոստումներ ստացած էին կամաւորի իրենց կարգավիճակէն հաստատուն պաշտօնեաներու կարգավիճակ ստանալու, յուսախաբ դուրս եկան հրապարակէն, երբ կառավարութեան նիստին ընթացքին իրենց պահանջը մերժուեցաւ:
Բողոքի իբրեւ միջոց, անոնք որոշ ժամանակի մը համար փակեցին Ժիէի եւ Պարժայի մայրուղիները` երկու կողմերով, ինչպէս նաեւ փակուեցաւ Մար Մըխայէլ-Շարլ Հըլու մայրուղին` երկու կողմերով:
Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը յայտնեցին, որ իրենք ամբողջ Լիբանանի տարածքին իրենց աշխատանքները եւ ծառայութիւնները պիտի կասեցնեն: Իրենց խօսքը ուղղելով Մուսթաքպալ հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Սաատ Հարիրիին` անոնք հաստատեցին, որ զիրենք հաստատ պաշտօնեաներ դարձնելու պահանջը մերժելով ան Լիբանանի մէջ կորսնցուցած է իր ժողովրդականութիւնը, եւ խորհուրդ տուին Հարիրիի շարունակել Լիբանանէն դուրս մնալու:
Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը մինչեւ ուշ երեկոյ շարունակեցին փակ պահել Շարլ Հըլու – Պէյրութ մայրուղին` երկու կողմերով:
Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք անդրադառնալով Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն պահանջին յայտնեց, որ եթէ անոնց պահանջը կառավարութեան յաջորդ նիստին ընթացքին չվաւերացուի, ինք պիտի բացայայտէ այդ օրակարգը խանգարող կողմերը:
«Հանրապետութեան Համար»
Քաղաքացիական ընկերութեան «Հանրապետութեան համար» շարժումը երէկ ելեւմուտքի նախարարութեան պատկանող Յաւելուած արժէքի տուրքի կեդրոնին դիմաց կատարեց բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին շարժումի նախագահ Մարուան Մաալուֆ յայտարարեց, որ իրենք ծրագրած են Լիբանանի քաղաքապետական ընտրութիւններուն համար դրամահաւաքի միջազգային արշաւ մը կատարել. անոնք ճշդեցին նաեւ հանգանակութիւն կատարելու յատուկ կայք մը եւ Կեդրոնական դրամատունէն, ԷՍՔՈՒԱ-էն եւ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրէն պահանջեցին ֆինանսաւորել քաղաքապետական ընտրութիւնները: