ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ նշանակուած է Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպան մը` Էլիզապեթ Ռիչըրտ:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը համաձայն է քաղաքապետական ընտրութիւնները կատարելու:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք շեշտեց, որ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան մտահոգ է Արսալի դէմ զինուորական գործողութիւն մը կատարելու առումով, եթէ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները իրենց հակակշիռին տակ առնեն գիւղը: Ան նշեց, որ Արսալը պաշտպանելու եւ ամրապնդելու առումով ապահովական շարք մը միջոցառումներ որդեգրուած են:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ շեշտեց, որ կարելի չէ նախկին նախարար Միշել Սմահան երկու անգամ դատավարութեան ենթարկել` նոյն հարցին համար:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ քաղաքապետական ընտրութիւններուն համար 35 միլիառ լ. ոսկիի կարիք կայ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի քանի մը օրուան պաշտօնական այցելութեամբ ուղղուեցաւ Միացեալ Նահանգներ:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի կողմէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունին նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութենէն ետք, քրիստոնէական մակարդակի վրայ վերջինիս ներկայացուցչութիւնը շատ աւելի ծանր սկսած է կշռել:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը Լիբանանի սահմանամերձ շրջանին եւ Սուրիոյ մէջ կը հալածէ հաւատադրժողական խմբաւորումները` հաստատելով, որ Սէուտական Արաբիա պատասխանատու է հաւատադրժողական շարժումներուն:
ԿԱԹՈՂԻԿԷ տեղեկատուական կեդրոնի նախագահ հայր Ապտօ Ապու Քասմ յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ հանդիպումը կը նպաստէ քրիստոնեայ համայնքին միասնականութեան:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան փոխնախագահ Սելիմ Սայէղ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան թեկնածուն պէտք է երաշխիքներով ազգային ծրագիր մը ունենայ:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերը ձերբակալած են 16 հոգի, որոնք ոճրային տարբեր արարքներ գործած են:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ Ժորժ Ատուան շեշտեց, որ կառավարութիւնը անհրաժեշտ բոլոր կարելիութիւնները պէտք է ապահովէ` քաղաքապետական ընտրութիւնները կատարելու համար:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի հաստատեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած հաստատութենական այսօրուան հարցերը դիտմամբ ստեղծուած են: Ան ընդգծեց, որ ինք կը մերժէ Զինուորական ատեանին գործունէութիւնը կասկածի տակ առնել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Քազեմ Խէյր յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան տագնապը կրնայ երկարիլ` նկատի ունենալով, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը կրնան երկարել այդ հարցը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ կան խոստումներ, որ կառավարութեան գումարելիք այսօրուան նիստին քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու անդամներուն թղթածրարը արծարծուի:
ԱՄԱԼ շարժումի պատասխանատուներէն Խալիլ Համտան յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը անբաւարար է` նախագահական ընտրութիւն կատարելու իմաստով:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի շեշտեց, որ Իրան եւ Հըզպալլա Լիբանանը կը նկատեն սակարկութեան թղթածրար մը` Միջին Արեւելքի դիմագրաւած տագնապին առումով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը զօրակցութեան իր խոստումը տուած է Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան առումով: Ան նշեց, որ Ֆրենժիէի թեկնածութեան առաջադրումը կատարուեցաւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն տեղեկութեամբ:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի կողմէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի նկատմամբ զօրակցութիւնը նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը վերադարձուցած է զերօ կէտին:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի 14 փետրուարին արտասանելիք իր խօսքին մէջ Մեհրապի դէմ կեցուածք պիտի արտայայտէ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ հաշտութիւնը կը ծառայէ Լիբանանի քաղաքական կեանքին մէջ արձանագրուելիք կայունութեան: