Լիբանանեան

Միքաթի Եւ Քարամէ Կը Հաստատեն  Քաղաքապետական Ընտրութիւնները Ճշդուած  Թուականին Կատարելու Կարեւորութիւնը

Միքաթի Եւ Քարամէ Կը Հաստատեն Քաղաքապետական Ընտրութիւնները Ճշդուած Թուականին Կատարելու Կարեւորութիւնը

Քարամէ եւ Միքաթի Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց նախկին նախարար Ֆայսալ Քարամէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս ազգային հարցերուն վերաբերող շարք մը խնդիրներ, ինչպէս նաեւ Թրիփոլիի կարիքները: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ քաղաքապետական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու անհրաժեշտութիւնը: Միւս կողմէ, Միքաթի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ պաղեստինեան Համաս խմբաւորման մէկ պատուիրակութիւնը, որուն ներկայութեան հաստատեց, որ պաղեստինեան հարցը պիտի մնայ կեդրոնական...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան ծրագիրին դէմ պայքարը Լիբանանի պաշտպանութեան համար ռազմավարական անհրաժեշտութիւն է: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն յայտնեց, որ առանց հանրապետութեան նախագահի երկիրը պիտի ուղղուի դէպի քայքայում եւ փլուզում: ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ բոլորը պէտք է լաւ իմանան, որ Իրաքը եւ...

Մամլոյ Արձակուրդ

Մար Մարոնի տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ վաղը` չորեքշաբթի, 10 փետրուար 2016-ին: Մեր յաջորդ թիւը` հինգշաբթի, 11 փետրուար 2016-ին:

Լիբանանի Խորհրդարանը Դարձեալ Ձախողեցաւ Ընտրել Հանրապետութեան Նախագահ Մը

Լիբանանի Խորհրդարանը Դարձեալ Ձախողեցաւ Ընտրել Հանրապետութեան Նախագահ Մը

Նախագահական ընտրութեան խորհրդարանական նիստը երէկ դարձեալ ձախողեցաւ հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու իր պարտականութեան մէջ` օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով: Խորհրդարանի նախագահին որոշումով նախագահական ընտրութեան յաջորդ նիստը պիտի գումարուի չորեքշաբթի, 2 մարտ 2016-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին: Նախագահական ընտրութեան նիստին  ուղղուած երեսփոխաններէն ոմանք, յետաձգուած նիստէն ետք խորհրդարանէն կատարեցին շարք մը յայտարարութիւններ: Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ յստակ է, թէ ցարդ ո՛վ պոյքոթի ենթարկած...

Այն Թինէի Մէջ.  «Նախագահական Ընտրութեան  Պայմանները Տակաւին Առկայ Չեն»     Շեշտեց Ապու Ֆաուր

Այն Թինէի Մէջ. «Նախագահական Ընտրութեան Պայմանները Տակաւին Առկայ Չեն» Շեշտեց Ապու Ֆաուր

Ապու Ֆաուր եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան պայմանները տակաւին առկայ չեն, սակայն պէտք է խորհրդակցութիւնները շարունակել` արդիւնքներու յանգելու նպատակով: Ապու Ֆաուր կարեւոր նկատեց նաեւ, որ կառավարութիւնը յաւելեալ թափով շարունակէ իր աշխատանքները: Միւս կողմէ, Պըրրի յայտնեց, որ երեսփոխաններուն...

Վարչապետ Սալամ. «Սուրիոյ Պատերազմին  Հըզպալլայի Մասնակցութիւնը Կառավարութեան  Քաղաքականութեան Չի Համապատասխաներ»

Վարչապետ Սալամ. «Սուրիոյ Պատերազմին Հըզպալլայի Մասնակցութիւնը Կառավարութեան Քաղաքականութեան Չի Համապատասխաներ»

Մաքտիսի եւ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց պատկերասփիւռի պետական կայանի տնօրէն Թալալ Մաքտիսին, որուն հետ քննարկեց կայանին վերաբերող հարցեր: Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին երեսփոխան Իսմայէլ Սըքքարիէ: Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ հարցազրոյցի մը ընթացքին հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Լիբանանի նկատմամբ պաղութիւն մը արձանագրուած է: Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ան...

Հըննաուի Թուրքիոյ Դեսպանին Հետ  Կը Համաձայնի Աշխուժացնել 2009-ին  Ստորագրուած Գործակցութեան Համաձայնագիրը

Հըննաուի Թուրքիոյ Դեսպանին Հետ Կը Համաձայնի Աշխուժացնել 2009-ին Ստորագրուած Գործակցութեան Համաձայնագիրը

Մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Չաղաթայ Էրճիյեսը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք բարելաւելու հեռանկարները` դիտել տալով, որ նախարարութեան եւ թրքական դեսպանատան ու մշակութային կեդրոնին միջեւ կայ փոխադարձ գործակցութիւն, որ բաւական հեզասահ կ՛ընթանայ: Հըննաուի յայտնեց, որ գործակցութեան ծիրին մէջ թրքական կողմը Լիբանանի մէջ շինած է հիւանդանոցներ, վերանորոգած դպրոցներ ու քաղաքապետարաններ,...

Ուահապ. «Զօր. Աուն Մարտ 8-ի Քաղաքական Ուժերուն Առաջադրած Միակ Նախագահական Թեկնածուն Է»

Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն առաջադրած միակ նախագահական թեկնածուն Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունն է: Ուահապ նշեց, որ Դիմադրութեան մասին զօր. Աունի յայտարարութիւնները պարկեշտ, դիմադրող եւ արժանապատիւ անձնաւորութեան խօսքեր են, որոնք օրերուն ընթացքին պաշտօններու, խոստումներու եւ տիտղոսներու բերումով չեն փոխուիր: Ան բարձր գնահատեց սուրիական բանակին եւ Դիմադրութեան իրագործած նուաճումները...

Հինգշաբթի Օր Դասադուլ` Անձնական Դպրոցներուն Մէջ Պաշտօնավարող Ուսուցիչներուն

Նաամէ Մահֆուտ Անձնական դպրոցներու մէջ պաշտօնավարող ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ կոչ ուղղեց բոլոր դպրոցներուն` պետական եւ անձնական, հինգշաբթի, 11 փետրուարին դասադուլ կատարելու, եթէ կառավարութիւնը չորեքշաբթի օրուան իր նիստին ընթացքին որոշէ պենզինի սակին վրայ յաւելում կատարել:    

Միքաթի. «Նախագահական Ընտրութեան  Հոլովոյթը Երկար Ճամբայ Ունի Կտրելիք»

Միքաթի. «Նախագահական Ընտրութեան Հոլովոյթը Երկար Ճամբայ Ունի Կտրելիք»

Պասիլ եւ Միքաթի Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ այցելեց նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Պասիլ մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել, մինչ Միքաթի լրագրողներուն հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահին աթոռը պիտի շարունակէ թափուր մնալ: Միքաթի ընդգծեց, որ տիրող շրջանային պայմաններուն եւ լիբանանեան ներքին լարուածութեան ու...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի շեշտեց, որ Լիբանանին ներկայացուելիք օժանդակութիւններուն փոխարէն սուրիացի գաղթականներուն գործի իրաւունք շնորհելու պահանջը մերժելի է: ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն շեշտեց, որ նախագահական ընտրութիւնը կարիք ունի ներքին եւ արտաքին հովանաւորութեան` պահպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը: ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի շեշտեց, որ լիբանանեան գոյացութիւնը մեծ վտանգի ենթարկուած է` աւելցնելով, որ երկրին սահմանադրութեան վերադարձի բանալին Հըզպալլայի մօտ կը գտնուի:...

Պըրրի. «Հարիրիի Նախաձեռնութիւնը  Տակաւին Ի Զօրու Է, Իսկ Լիբանանի  Նախագահական Ընտրութեան Հարցը Ներքին Է»

Նախագահական Ընտրութեան 36-րդ Նիստը Պիտի Ունենա՞յ Նախորդներուն Ճակատագիրը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի որոշումին համաձայն, խորհրդարանին մէջ այսօր պիտի գումարուի նախագահական ընտրութեան 36-րդ նիստը, որուն համար նախատեսուած ճակատագիրը նախորդներուն նման է, միակ տարբերութեամբ, որ նիստին ժամը կէսօրուան 12:00-ին չէ, այլ ժամը 1:00-ին` նկատի ունենալով Մեծ պահքի սկիզբը: Պըրրիի երէկուան յայտարարութիւններուն համաձայն, «Ազատագրում եւ բարգաւաճում» երեսփոխանական պլոքը ներկայ պիտի գտնուի այսօրուան նիստին: «Նախագահական ընտրութեան ցարդ երեք թեկնածուներ կան. թո՛ղ խորհրդարանը...

Հըզպալլայի Մէկ Պատուիրակութիւնը Ռապիէէն  Կը Յայտնէ, Թէ Իր Պլոքը Խորհրդարանի  Այսօրուան Նիստին Պիտի Չմասնակցի

Հըզպալլայի Մէկ Պատուիրակութիւնը Ռապիէէն Կը Յայտնէ, Թէ Իր Պլոքը Խորհրդարանի Այսօրուան Նիստին Պիտի Չմասնակցի

Հըզպալլայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլի, շաբաթավերջին այցելեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի: Հանդիպումէն ետք Խալիլ Ռապիէէն յայտնեց, որ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը  այսօրուան նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստին պիտի չմասնակցի: Խալիլ յայտնեց, որ իրենց այցելութիւնը նաեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի միջեւ ստորագրուած փոխըմբռնումի համաձայնագիրին 10-ամեակին առիթով է: Ան...

Վարչապետարանին Մէջ.  «Բանակը Զէնքի Ու Զինամթերքի Տագնապ  Կը Դիմագրաւէ Եւ Այս Պայմաններուն Մէջ  Անկէ Պէտք Չէ Պահանջել,  Որ Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարի»  Շեշտեց Սամիր Մուքպել

Վարչապետարանին Մէջ. «Բանակը Զէնքի Ու Զինամթերքի Տագնապ Կը Դիմագրաւէ Եւ Այս Պայմաններուն Մէջ Անկէ Պէտք Չէ Պահանջել, Որ Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարի» Շեշտեց Սամիր Մուքպել

Մուքպել եւ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ շաբաթավերջին վարչապետարանին մէջ ընդունեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան բանակին կարիքները: Հանդիպումէն ետք Մուքպել յայտնեց, որ վարչապետ Սալամի հետ քննարկուած հիմնական հարցը բանակին զէնք հայթայթելու անհրաժեշտութիւնն է: Մուքպել նշեց, որ ինք գոհունակ կը զգայ վարչապետին եւ օր մը առաջ նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ իրենց նկատմամբ ցուցաբերուած հասկացողութեան համար,...

Բանակը Թրիփոլիի Մէջ  Վնասազերծած Է Երկու Ականներ

Բանակը Թրիփոլիի Մէջ Վնասազերծած Է Երկու Ականներ

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակը երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին ստացած է լուրեր, թէ Թրիփոլիի Նըժմէ հրապարակին վրայ կան երկու տարօրինակ մարմիններ: Բանակի սակրաւորները անմիջապէս ուղղուած են Նըժմէ հրապարակ եւ շրջափակելէ ետք զայն, վնասազերծած են երկու ականներ, որոնք 10 քկ պայթուցիկ նիւթ կը կշռէին: Ըստ բանակին հաղորդագրութեան, այդ ականները ձեռքով պատրաստուած էին. անոնք միացուած...

Քաղաքացիական Շարժումի Գործիչները  Բաբանով Մը Աղբակոծեցին Վարչապետարանը

Քաղաքացիական Շարժումի Գործիչները Բաբանով Մը Աղբակոծեցին Վարչապետարանը

Քաղաքացիական շարժումին մաս կազմող «Հոտերնիդ ելաւ», «Հաշուետուութեան պիտի կանչենք», «Հանրապետութեան համար» եւ «Փոփոխութիւն կ՛ուզենք» արշաւներուն  անդամները շաբաթ օր Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ կատարեցին բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին անոնք մերժեցին աղբերը Լիբանանէն հեռացնելու սուղ համաձայնութիւնը եւ պահանջեցին արմատական լուծում մը գտնել աղբի տագնապին: Հակառակ կլիմայական աննպաստ պայմաններուն, քաղաքացիական ընկերութեան շարժումի քանի մը տասնեակ անդամներ ցոյցին ընթացքին փորձեցին շրջանցել վարչապետարանը շրջափակող...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան շեշտեց, որ իրենք պիտի չհրաժարին պետութեան կերտման եւ երկրին ապահովական կայունութեան պահպանման մէջ իրենց ունենալիք ներդրումէն: ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ, շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան յայտնեց, որ Լիբանան պէտք է յաւելեալ գործակցութիւն ունենայ Սուրիոյ հետ` ահաբեկչութեան դէմ մղուած պայքարին առումով: ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ նախագահական ընտրութիւնը պէտք է լիբանանեան ներքին...

«Լոնտոնի Խորհրդաժողովին Ընթացքին  Ոչ Մէկ Քայլ Որդեգրեցինք Սուրիացի  Գաղթականներու Բնակեցման Առումով»  Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

«Լոնտոնի Խորհրդաժողովին Ընթացքին Ոչ Մէկ Քայլ Որդեգրեցինք Սուրիացի Գաղթականներու Բնակեցման Առումով» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ հինգշաբթի, 4 փետրուարին մասնակցեցաւ Սուրիոյ եւ շրջանի օժանդակութեան խորհրդաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Լոնտոնի մէջ: Խորհրդաժողովին ընթացքին վարչապետ Սալամ զգուշացուց, որ Լիբանան անկարող պիտի մնայ դէպի ծովերը ուղղուող գաղթականներու նոր ալիք մը զսպելու առումով` շեշտելով, որ Լիբանան անկարելի է, որ կարենայ տոկալ գաղթականներուն ծախսերը ֆինանսաւորելու առումով: «Սուրիոյ տագնապը իր վատ ազդեցութիւնը ունեցաւ լիբանանցիներուն վրայ` նկատի ունենալով, որ սուրիացի...

Պըրրի. «Լիբանան Իբրեւ Մարմին  Ապառողջ Է Եւ Ցաւերէ Կը Տառապի»

Պըրրի. «Լիբանան Իբրեւ Մարմին Ապառողջ Է Եւ Ցաւերէ Կը Տառապի»

Նեպիհ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան համար խորհրդարանի անդամներուն երկու երրորդին, այսինքն` 86 երեսփոխանի ներկայութիւնը պայման է: Պըրրի շեշտեց, որ անկարելի է առանց այս օրինաթիւին նախագահական ընտրութիւն կատարել: Միւս կողմէ, Պըրրի շեշտեց, որ Սուրիոյ նուիրատու երկիրներուն գումարած Լոնտոնի խորհրդաժողովին ընթացքին հաւաքուած գումարին առիւծի բաժինը պիտի տրամադրուի Յորդանանին: Պըրրի յայտնեց, որ Լիբանանին տրամադրուելիք օժանդակութիւնը սուրիացի գաղթական երեխաներուն ուսման...

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան  Եւ Հըզպալլայի Միջեւ Փոխըմբռնումի  Համաձայնագիրի Ստորագրութեան 10-Ամեակ

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Եւ Հըզպալլայի Միջեւ Փոխըմբռնումի Համաձայնագիրի Ստորագրութեան 10-Ամեակ

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի միջեւ փոխըմբռնումի համաձայնագիրի ստորագրութեան 10-ամեակին առիթով Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն յայտնեց, որ լիբանանեան առումով դէպքերուն ընթացքը  վերանորոգած է ստորագրուած փոխըմբռնումի համաձայնագիրը: Ան նշեց, որ համաձայնագիրին ստորագրութենէն ետք բռնկած է յուլիսեան պատերազմը, որմէ ետք մեծ քայլեր առնուած են այդ համաձայնագիրին նպատակներուն յանձնառու մնալու իմաստով: Զօր. Աուն շեշտեց, որ շարք մը...

Page 859 of 986 1 … 858 859 860 … 986

Արխիւներ