Լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, Արսալի բարձունքներուն վրայ երէկ առաւօտեան ժամը 1:00-ին ջախջախուած է բանակին պատկանող թռչող անօդաչու սարք մը, որ թեքնիք խանգարումի ենթարկուած էր:
Միւս կողմէ, բանակի հրամանատարութեան մէկ այլ հաղորդագրութեան համաձայն, Թրիփոլիի Պապ Թըպպանէ շրջանի բնակարաններէն մէկուն մէջ բանակը բացայայտեց 6 քկ պայթուցիկ նիւթ, կէս քկ նոր ձեռնառումբեր, գնդացիրներ, զինամթերք, ինչպէս նաեւ 9 քամերաներ, հեռաձայնային հաղորդակցութեան սարքեր, զինուորական ինչքեր եւ թմրեցուցիչ դեղահատեր: