Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ելեկտրոնային Տեղեկատուութեան Պատուոյ Ուխտի Յայտարարութիւն

February 4, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

press_020316

Հովանաւորութեամբ տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժի, երէկ լրագրողներու սենտիքային մէջ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ ելեկտրոնային տեղեկատուութեան պատուոյ ուխտը, որուն նպատակն է այս ասպարէզը պարկեշտ պահել, ինչպէս նաեւ զայն կազմակերպել:

Յայտարարութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա, Մամլոյ սենտիքայի նախագահ Աունի Քաաքի, Լսատեսողական լրատուամիջոցներու ազգային խորհուրդի նախագահ Ապտել Հատի Մահֆուզ, Ազգային լրատու գործակալութեան նախագահ Լոր Սլէյման եւ տեղեկատուութեան մարզին մէջ գործող պատասխանատուներ:

Ելեկտրոնային տեղեկատուութեան պատուոյ ուխտը կը բաղկանայ հետեւեալ 10 կէտերէն.

1. Յարգել Լիբանանի սահմանադրութիւնը, օրէնքն ու գերիշխանութիւնը` կատարեալ պատասխանատուութեամբ վարուելու այն հարցերուն հետ, որոնք ուղղակի առնչուած են երկրին, պետութեան, ապահովական եւ դատական իրադարձութիւններուն, որպէսզի երկրին ապահովական կայունութիւնն ու ազգային միասնականութիւնը չխախտին:

2. Յանձնառու մնալ ազգային միասնականութիւնը եւ գոյակցութիւնը ամրապնդող աշխատանքին, կրօնները յարգել եւ համայնքային ու յարանուանական սադրանքներ չհրահրել, ինչպէս նաեւ խուսափիլ վարկաբեկիչ արտայայտութիւններէ:

3. Համացանցի կայքերուն կողմէ զօրակցութիւն ցուցաբերել վայրագութեան եւ խտրութեան դէմ պայքարող արշաւներուն` ամրապնդելով երկրին քաղաքացիական անվտանգութիւնը եւ յարգելու համար մարդկային իրաւունքները:

4. Թշնամի Իսրայէլի եւ ահաբեկչութեան վտանգին դէմ պայքարին առումով նախանձախնդիր մնալ Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքին:

5. Յանձնառու մնալ լրագրութեան օրէնքներուն եւ լրագրողի պարկեշտութեան:

6. Անձնական ազատութիւններն ու մարդոց արժանապատուութիւնը յարգել, ինչպէս նաեւ ստուգել տեղեկութիւններուն ճշգրտութիւնը, յատկապէս որեւէ աղէտի կամ դէպքի պարագային զոհերու եւ վիրաւորներու անունները չյայտարարած:

7. Հսկել, որ ցեղային խտրութիւն չկատարուի, ինչպէս նաեւ ուղղակի կամ անուղղակի ձեւերով մարդոց արժանապատուութիւնը չոտնակոխուի:

8. Զոհերուն արժանապատուութիւնը խոցող լուսանկարներ եւ վիտէոներ չհրապարակել:

9. Հրատարակուած կամ սփռուած լուրերուն աղբիւրները յարգել եւ նշել:

10. Պատուոյ այս ուխտը ստորագրող կողմերը իրարու պէտք է զօրակցին` լրագրողներուն կողմէ անոր կէտերը խզելու պարագային եւ կամ լրագրողներուն դէմ սպառնալիքներու արձանագրութեան պարագային:

 

 

Նախորդը

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Կ՛ողջունէ Որեւէ Նախաձեռնութիւն, Որ Կը Նպաստէ Նախագահական Ընտրութեան

Յաջորդը

Պըրրի. «Քաղաքապետական Ընտրութիւններուն Պատրաստուելու Առումով Հըզպալլա Եւ Ամալ Շարժումը Երկար Ճամբայ Կտրած Են»

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.