18 յուլիս 2015-ին Խըրպըթ Քանաֆար- Քեֆրայա ճամբուն վրայ իրենց վարորդին` Սաէպ Ֆայեատի կողմէ առեւանգուած 5 չեխ քաղաքացիները նախանցեալ օր ազատ արձակուեցան:
Չեխիոյ կառավարութիւնը պաշտօնապէս յայտնեց, որ իր 5 քաղաքացիները ազատ արձակուած են` ընդգծելով, որ անոնք առողջ եւ լաւ վիճակի մէջ են եւ կը գտնուին լիբանանեան ապահովական ուժերուն մօտ:
Չեխիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատեց, որ 5 չեխ քաղաքացիները ողջ-առողջ են` աւելցնելով, որ զանոնք Չեխիա փոխադրելու նպատակով անձնական օդանաւ մը պիտի վարձուի:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը մերժեց այս մասին յաւելեալ տեղեկութիւն հաղորդել:
Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ նախանցեալ գիշեր չեխ քաղաքացիներուն ազատ արձակման հոլովոյթին մանրամասնութիւնները փոխանցեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի:
Տեղեկատուական աղբիւրներ նշեցին, որ չեխական գաղտնի սպասարկութեան մէկ պատուիրակութիւնը այս նպատակով հասած է Լիբանան եւ գործակցած Իպրահիմի հետ: Ապպաս Իպրահիմ կրցած է առեւանգող կողմին հետ կապ հաստատել եւ իմանալ, թէ անոնք պահանջած են Չեխիոյ մէջ առանց դատավարութեան բանտարկուած Ալի Ֆայեատի ազատ արձակումը:
Նշենք, որ ուքրանական իշխանութիւնները բազմիցս պահանջած են ազատ արձակել Ալի Ֆայեատը, որ ուքրանական քաղաքացիութիւն կը կրէր եւ Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան մօտ խորհրդականի պաշտօն կը վարէր:
Հետեւաբար, Չեխիոյ գաղտնի սպասարկութեան եւ լիբանանեան կողմին միջեւ կատարուած բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք 5 չեխ քաղաքացիներն ու Ալի Ֆայեատ ազատ արձակուեցան` փոխանակման գործողութեան մը ընդմէջէն: