Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռիատ – Պէյրութ Յարաբերութիւններու Սառցահալ Կատարելու Եգիպտական Փորձեր Շրջանառութեան Մէջ Դրուած Են

March 8, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մէկ կողմէ Լիբանանի, իսկ միւս կողմէ Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրուած սառոյցէն ետք, երէկ բացայայտուեցաւ, որ Եգիպտոս առաջին երկիրն է, որ պաշտօնապէս նախաձեռնած է այդ յարաբերութիւններուն սառցահալին:

Եգիպտական կողմը կը ջանայ Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն` Ժըպրան Պասիլի եւ Ատել Ժուպէյրի միջեւ հանդիպում մը կազմակերպել յառաջիկայ հինգշաբթի օր, սակայն այդ հանդիպումին կայացման առումով յոյսի ոչ մէկ նշոյլ գոյութիւն ունի:

Մինչ այս ճիգերը ի գործ կը դրուին, Լիբանանի մէջ քաղաքական յայտարարութիւնները կը մնան ցեխարձակումի մակարդակին վրայ: Այդ յայտարարութիւններուն երէկուան լաւագոյն օրինակները Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթի կեցուածքներն են` Հըզպալլայի նկատմամբ:

Ֆաթֆաթ անտեսելով ներքին լիբանանեան առումով լարուածութիւնը չսրելու, սադրանքներ չնախապատրաստելու եւ գրգռութիւններ չհրահրելու ամէն ջանք, վարչապետարանէն յայտնեց, որ Հըզպալլա կ՛իշխէ կառավարութեան, կը խոչընդոտէ նախագահական ընտրութիւնը եւ կը գործակցի Իսրայէլի հետ:

Իսկ երեկոյեան, պատկերասփիւռի կայանի մը հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Ֆաթֆաթ ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ Հըզպալլա ահաբեկչական արարքներ կը գործէ եւ Ծոցի երկիրներուն դէմ անոր մղած պատերազմով Իսրայէլը կը գոհացնէ:

Այս մթնոլորտին ներքեւ, երկիրը սկզբունքով կը պատրաստուի քաղաքապետական ընտրութիւններու, իսկ այսօրուան ձեռնարկները կը կեդրոնանան Կիներու միջազգային օրուան առիթին վրայ:

Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդը իր ձեռնարկներուն եւ նախաձեռնելիք արշաւներուն կիզակէտը դարձուցած է լիբանանցի կնոջ մասնակցութիւնը քաղաքապետական ընտրութիւններուն:

Պէտք է նշել նաեւ, որ աղբի տագնապին լուծման յատուկ նախարարական յանձնախումբը այսօր դարձեալ կը գումարէ իր նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի, իսկ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը կը շարունակէ մնալ մահաքունի մէջ:

Նախորդը

Պըրրի Ընդունեց Ասիրին, Իսկ Ապու Ֆաուրի Հետ Քննարկեց Աղբի Տագնապին Մանրամասնութիւնները

Յաջորդը

Վանի Մասին Փաստաթուղթեր Նուիրուած Են Մատենադարանին

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.