Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 9, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց Թունուզ-Լիպիա սահմանամերձ շրջանի Պըն Քարտան շրջանին դէմ հաւատադրժողական ահաբեկիչներուն գործած յարձակումը եւ կոչ ուղղեց` ահաբեկչութեան դէմ ջանքերը միաւորելու:

ՆԱԽԿԻՆ նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կոչ ուղղեց Հըզպալլային` գործադրելու Պաապտայի յայտարարութիւնը եւ հեռանալու Սուրիայէն:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ Իքլիմ Խարրուպի մէջ աղբանոց մը բանալու յոյսեր չկան, հետեւաբար պէտք է վերջ տալ այդ իմաստով կատարուող ամէն տեսակի յայտարարութիւններու:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ Միջին Արեւելքը վերածուած է աշխարհի հզօրագոյն ուժերուն միջեւ կռուախնձորի մը:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս խստիւ դատապարտեց աղբի տագնապին լուծման առումով գիտական թէ առողջապահական որեւէ լուծումի դիմաց լիբանանցիներուն մերժողական կեցուածքը: «Տարազը պարզ է. կա՛մ մենք պիտի վերցնենք աղբերը, եւ կամ աղբերը պիտի վերցնեն կառավարութիւնը», աւելցուց ան:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ հարցերու նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ կառավարութեան հրաժարականով Լիբանան սահմանադրական սառած իրավիճակէն պիտի փոխադրուի ազգային անիշխանութեան:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Նապիլ տը Ֆրէյժ հաստատեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է ստանձնեն իրենց պատասխանատուութիւնները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի շեշտեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ պիտի կասեցնէ իր աշխատանքները, եթէ մինչեւ վաղը` հինգշաբթի, 10 մարտ, աղբի տագնապին լուծում մը չգտնուի:

ԱՄԱԼ շարժումի գործադիր խորհուրդի նախագահ Մոհամետ Նասրալլա շեշտեց կառավարութեան գործունէութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ հարց տուաւ, որ իրենց հանդէպ հաւատադրժողական խմբաւորումներուն կեցուածքը ինչպէ՞ս կարելի է զանազանել Սէուտական Արաբիոյ վարչակարգին կեցուածքէն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ կառավարութենէն կը պահանջուի բաց պահել իր նիստերը` վերջնականապէս լուծելու համար աղբի տագնապը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ աղբի տագնապ յառաջացնող քաղաքական դրդապատճառները արդէն իսկ լիբանանցիներուն վրայ ունեցած են առողջապահական հսկայական վնասներ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա շեշտեց, որ Հըզպալլա ոչ մէկ շահ ունի լիբանանեան պետութեան ամբողջական պատասխանատուութիւնները ստանձնելու առումով:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Մարուան Համատէ շեշտեց, որ իրենց պարտականութիւնն է լիբանանեան քաղաքականութիւնն ու ապահովութիւնը ազատագրել Հըզպալլայի հակակշիռէն:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ուալիտ Խուրի յայտնեց, որ աղբի տագնապին առկախ մնալը կը մղէ, որ լիբանանեան ներքին լարուածութիւնը աւելի եւս սրի:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերէն, կը հաստատէ, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կը զօրակցի Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան, ինչպէս նաեւ պատրաստ է զօրակցելու ոեւէ նախագահի, բացի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունէն:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Ծոցի երկիրները Հըզպալլան կը նկատեն շրջանին մէջ ահաբեկչութեան ռահվիրան:

Նոյն օրաթերթին համաձայն, եթէ աղբի տագնապը չլուծուի վարչապետ Թամմամ Սալամ կը միտի հրաժարիլ:

ԸՍՏ «Նահար» օրաթերթին, Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերու պատասխանատուներ անհաւանական նկատած են վարչապետ Թամմամ Սալամի հրաժարականը:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամի կողմէ նախարարաց խորհուրդի պատասխանատուութենէն հրաժարելու կարելիութիւնը լրջօրէն կը սերտուի:

ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ զինեալ ուժերու պատասխանատու Մունիր Մաքտահ յայտնեց, որ լուրջ աշխատանք ի գործ կը դրուի պաղեստինեան ուժերուն գործունէութիւնը ամրապնդելու իմաստով:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ պիտի քննարկէ նախագահական ընտրութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յստակ ծրագիր մը մշակած են քաղաքապետական ընտրութիւններուն ընթացքին գործակցելու նպատակով:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Խալետ Տահեր շեշտեց, որ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի կեցուածքը նպաստած է Իրանի կուսակցութեան` Հըզպալլայի շահերուն:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամ աղբի տագնապին լուծման ջանքերուն ժամկէտ ճշդած է հինգշաբթի, 10 մարտը:

 

 

Նախորդը

Եւրոպական Միութիւնն Ու Թուրքիան Ծրագիրի Մը Ընդհանուր Սկզբունքներուն Շուրջ Համաձայնեցան, Առանց Վերջնական Որոշումի

Յաջորդը

Մուսթաքպալ Պլոք. «Սէյիտ Նասրալլա Եւ Հըզպալլա Մնայուն Կերպով Վնաս Կը Հասցնեն Լիբանանին Եւ Լիբանանցիներուն»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.