Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետարանին Մէջ. «Հըզպալլա Կ՛իշխէ Կառավարութեան Եւ Կ՛արգիլէ Անոր Գործունէութեան Աշխուժացումը» Շեշտեց Ահմետ Ֆաթֆաթ

March 8, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ֆաթֆաթ եւ վարչապետ Սալամ
Ֆաթֆաթ եւ վարչապետ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ վարչապետ Սալամի հետ քննարկած է Տըննիէի, յատկապէս Պքարսունայի կարիքները:

«Սակայն լիբանանեան քաղաքական կեանքը յուզող հարցերը վերածուեցան քննարկումի հիմնական նիւթերը, յատկապէս նկատի ունենալով արաբական երկիրներուն դէմ լիբանանեան քաղաքական կողմերուն կատարած յարձակումները, ապա այդ կեցուածքներուն ունեցած ժխտական ազդեցութիւնը Լիբանանի եւ լիբանանեան շահերուն վրայ», ըսաւ ան:

Ֆաթֆաթ աւելցուց, որ ինք շատ զարմացած է, երբ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա յայտարարած է, թէ արաբական երկիրները թող հեռանան Լիբանանէն: «Այս խօսքը մերժելի է, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Հըզպալլա ինքն է, որ կ՛ուղղուի Իրաք եւ Սուրիա ու անոնց ներքին հարցերուն կը միջամտէ` ահաբեկելով սուրիացի եւ իրաքցի ժողովուրդները», աւելցուց Ֆաթֆաթ:

Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայի մղած կռուի դաշնակիցներուն` Իրանի եւ Ռուսիոյ անդրադառնալով Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Մոսկուա պաշտօնապէս յայտնած է, թէ Միջին Արեւելքի մէջ իր ներկայութիւնը Իսրայէլի հետ կը համադրէ, «հետեւաբար Հըզպալլայի դաշնակից ռուսը եւ ուղղակի Հըզպալլան են, որոնք կը գործակցին Իսրայէլի հետ եւ ոչ թէ Սէուտական Արաբիան, ինչպէս յայտարարած է սէյիտ Նասրալլա», շեշտեց ան:

Ֆաթֆաթ ընդգծեց, որ Հըզպալլա իր հակակշիռին տակ կը պահէ լիբանանեան պետութեան բոլոր որոշումները, կ՛արգելակէ նախագահական ընտրութիւնը եւ վեթոյի իր իրաւունքը օգտագործելով կ՛իշխէ կառավարութեան:

«Կը պահանջուի Լիբանանի մէջ կազմել քաղաքական ընդարձակ ճակատ մը եւ Հըզպալլայի ընթացքին դէմ պայքարիլ, այլապէս` իբրեւ լիբանանցիներ եւ քաղաքական ղեկավարութիւններ պիտի ապրինք 7 մայիսի վախով», շեշտեց Ֆաթֆաթ:

 

Նախորդը

Արսալի Մէջ Գտնուեցաւ ՏԱՀԵՇ-ի Պատասխանատուի Մը Դիակը, Իսկ Ապպաս Մըտլեժը Գլխատող Ահաբեկիչը Ձերբակալուեցաւ

Յաջորդը

Պըրրի Ընդունեց Ասիրին, Իսկ Ապու Ֆաուրի Հետ Քննարկեց Աղբի Տագնապին Մանրամասնութիւնները

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.