
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ շաբաթավերջին Էլիզէի պալատին մէջ ընդունեց Սէուտական Արաբիոյ Մոհամետ պըն Նայեֆ գահաժառանգ իշխանը, որուն հետ քննարկեց շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի վերաբերող հարցեր:
Ըստ սէուտական «Հայաթ» օրաթերթին, հանդիպումին ընթացքին Հոլլանտ շեշտած է, որ Փարիզ համոզուած է, թէ այս հանգրուանին Սէուտական Արաբիոյ եւ Ֆրանսայի կողմէ Լիբանանի լքումը ոչ ոքի շահերուն կը ծառայէ:
«Ֆրանսա շեշտեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումը եւ անոր քաղաքական հաստատութիւններուն գործունէութեան վերաշխուժացումը կարեւոր է», ընդգծուեցաւ «Հայաթ»-ի մէջ:
Նոյն օրաթերթին համաձայն, Էլիզէի մէջ քննարկուած են նաեւ Լիբանանի մէջ Իրանի դերակատարութիւնը եւ այն դրդապատճառները, որոնք մղած են Ռիատը` Լիբանանի դէմ նման որոշումներ որդեգրելու:


