Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 7, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿՐԹՈՒԹԵԱն եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն հետապնդելու համար ուսուցիչներուն ամսական աշխատավարձի յաւելումը վաւերացնելու օրինագիծը:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարարի գործակատար Ալիս Շապթինի հաստատեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած այս զգայուն կացութեան ներքեւ պէտք է պայքարիլ եւ կառչած մնալ ազգային միասնականութեան:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռոնի Արայժի յոյս յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնը մօտիկ ապագային կատարուի եւ սահմանադրական առաջադրանքները իրենց բնական ու հեզասահ ընթացքը վերստանան:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռամզի Ժրէյժ շեշտեց, որ եթէ կառավարութիւնը աղբերու տագնապին լուծում մը չգտնէ, ապա անոր գոյութեան կարիք չկայ:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ կոչ ուղղեց կառավարութեան տալու իր որոշումները, իսկ քաղաքական ուժերը հրաւիրեց ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնները:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիոյ հետ տագնապը լուծելու կարելիութիւնները լիբանանցիներուն մօտ կը գտնուին:

ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ հոգեւոր գերագոյն խորհուրդը շաբաթավերջին գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի: Նիստին ընթացքին խորհուրդը հաստատեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած տագնապը հետզհետէ կը բարդանայ հանրապետութեան նախագահի չգոյութեան պատճառով:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ Հըզպալլան ահաբեկչական նկատել կը նշանակէ, թէ Սէուտական Արաբիա Իսրայէլի կողքին կը կանգնի:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ռայա Հասան շեշտեց, որ հակառակ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւններուն, երկուքին միջեւ փոխադարձ յարգանք գոյութիւն ունի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժորժ Ատուան շեշտեց, որ իրենք անշեղ կը մնան քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան եւ համերաշխութեան սկզբունքներէն:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Թալալ Մերեհպի յայտնեց, որ կառավարութիւնը պէտք է բացայայտէ աղբի տագնապին լուծումը խանգարող կողմերը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ ներքին լիբանանեան առումով ճակատներ բանալու գործով չեն զբաղիր, այլ` լիբանանեան ներքին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու առաքելութեամբ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական եւ յարաբերական հարցերու պատասխանատու Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ Մեհրապի մէջ տեղի ունեցած համաձայնութեան վերաբերող գաղտնի փաստաթուղթեր գոյութիւն չունին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Պեզզի շեշտեց, որ շրջանային մակարդակի վրայ արձանագրուող բախումները իրենց ազդեցութիւնը ունին Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակին վրայ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի շեշտեց, որ Հըզպալլան պատասխանատու է Լիբանանի մէջ արձանագրուած նախագահական թափուր աթոռին վիճակին:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն,  Սէուտական Արաբիոյ կողմէ Լիբանանի դէմ տրուած որոշումներուն պատճառը այն իրականութիւնն է, որ լիբանանեան բանակը Հըզպալլայի հրահանգին տակ կը գտնուի:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով երեսփոխանական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ նախագահական ընտրութեան վերջին նիստը Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի յաղթանակը հաստատող նիստ մըն էր:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ կարելի պիտի չըլլայ ընտրել, բացի եթէ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի մուսաները գան, եւ առաջադրէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութիւնը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ, շէյխ Նեպիլ Քաուք հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիա Իսրայէլի գործընկեր կը նկատուի` Լիբանանի դէմ վերջինիս սանձազերծելիք որեւէ պատերազմի պարագային:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Ռամի Ռայես շեշտեց, որ հակառակ շրջանային առումով բռնկած հրդեհներուն, Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումը հրաշքի համազօր է:

 

 

Նախորդը

«Թուրքիան Պատրաստ Է Ահաբեկչական Խմբաւորումներուն Դէմ Պայքարելու Համար Ամբողջական Կերպով Գործակցելու Իրանի Հետ» Կ՛ըսէ Տաւութօղլու

Յաջորդը

Հոլլանտ-Պըն Նայեֆ Հանդիպումին Փարիզ Կը Շեշտէ Լիբանանի Կայունութիւնը Պահպանելու Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Սալամ. «Մեր Եղբայրներէն Ու Միջազգային  Գործընկերներէն Չենք Խնդրեր, Որ Մեր Գործը  Մեր Տեղ Ընեն, Այլ Մեզի Օգնեն»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Ընտրութիւնները Յետաձգելու Կարող Միակ Կողմը Խորհրդարանն Է, Եւ Հըզպալլային Կոչ Կ՛ուղղեմ Երկիրը Նոր Արկածախնդրութեան Չտանելու»

February 25, 2026
Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի  Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ  Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին  Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»

February 25, 2026
Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի  Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին  Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»
Լիբանանեան

Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.