Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հըզպալլան Ահաբեկչական Կազմակերպութիւն Նկատող Որոշումը Անիրաւ Է» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Մարտ 7, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

seyid_nasralla_030616

Սուրիոյ մէջ զոհուած Դիմադրութեան պատասխանատուներէն Ալի Ֆայեատի նահատակութեան եօթնօրէքին առիթով

երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին հարաւային Լիբանանի Անսար գիւղաքաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց  պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ ընդգծեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը կը պահպանուի բանակին, ժողովուրդին եւ Դիմադրութեան կողմէ, «այլապէս անիկա Իսրայէլի կողմէ քանդուած կ՛ըլլար», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ եթէ արաբական միացեալ ռազմավարութեան եւ Արաբական լիկային սպասէին, ապա իսրայէլ տիրած կ՛ըլլար Լիբանանին:

Սէյիտ Նասրալլա լուսարձակի տակ առաւ Ալի Ֆայեատի գործունէութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն երկիրներուն, որոնք արաբ ներքին գործոց նախարարներու ընդհանուր ժողովին ընթացքին զօրակցեցան Դիմադրութեան, ինչպէս նաեւ դատապարտեցին Դիմադրութիւնը ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատող որակումը: Այդ երկիրներուն շարքին էին Թունուզը, Իրաքը, Ալճերիան, Լիբանանը, Պաղեստինեան իշխանութիւնը, Յորդանանը, Մարոքն ու Եմէնը:

Իր խօսքը ուղղելով Սէուտական Արաբիոյ ընդվզումին կարեկցող կողմերուն` սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ կարեկցանքի փոխարէն պէտք է տեսնել այդ ընդվզումին դրդապատճառները, որոնք Սուրիոյ, Իրաքի, Պահրէյնի եւ Եմէնի մէջ Ռիատի քաղաքականութեան արձանագրած ձախողութիւններն են:

«Մեզի նկատմամբ Սէուտական Արաբիոյ ընդվզումը հասկնալի է, որովհետեւ պարտութիւն կրողը կ՛ընդվզի, եւ Սէուտական Արաբիա պիտի գիտակցի, թէ իր պայքարը ձախող է», ըսաւ ան եւ շեշտեց, որ Իսրայէլի հետ դաւադրութիւն կատարող եւ Իսրայէլի շահերուն իբրեւ յանձնառութիւն անխոհեմ քայլերու դիմող իւրաքանչիւր փորձ պիտի ձախողի, որովհետեւ արաբ ազգին զարկերակը տակաւին Դիմադրութիւնն է, իսկ անոր սիրտը` Պաղեստինը, մինչեւ անոր ազատագրումը:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը տակաւին կայ եւ պիտի շարունակէ մնալ:

«Իսրայէլին ուղղուած մեր պատգամը պիտի ըլլայ հետեւեալը. «Անկարելի է, որ օր մը մտածէք, որ արաբ ազգին եւ իսլամականութեան մէջ ձեր ներկայութիւնը օր մը օրանց կրնայ բնական ըլլալ: Անկարելի է հաւատալ, որ դուք կրնաք մեզի բարեկամ ըլլալ, իսկ արաբական որեւէ վարչակարգ չի կրնար Իսրայէլի հետ գործակցիլ: Սիոնական գոյացութիւնը մարմնաւորող ոճրագործներ, որ Տէյր Եասինի, Ժենինի, Կանայի եւ այլ վայրերու մէջ սպանդներ գործած էք, չէք կրնար մեր բարեկամը ըլլալ, իսկ ո՛վ որ պիտի օժանդակէ ձեզի, ինք եւս պարտութեան պիտի ենթարկուի»»:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դէմ կռուողը Լիբանանի ազգային շահերուն իսկական պաշտպանն է:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Դիմադրութեան մարտիկները կռուած են եւ կը շարունակեն կռուիլ նաեւ Իրաքի մէջ` ժողովրդային դիմադրութեան ծիրին մէջ, աւելցնելով, որ եթէ անոնք հոն չկռուէին, ապա ՏԱՀԵՇ շատ մը արաբ ղեկավարներու բնակարաններուն մէջ կրնար գտնուիլ:

«Աշխարհի կողմէ ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատուող ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռուիլը Հըզպալլան ահաբեկչակա՞ն կը դարձնէ», հարց տուաւ սէյիտ Նասրալլա:

Նախորդը

Մոհամետ Մաշնուք Վարչապետ Սալամը Ներկայացուց Իսլամական Պետութիւններու Ե. Արտակարգ Վեհաժողովին

Յաջորդը

Քոնկրեսականներ Փալոնէ Եւ Տոլտ Առաջարկած Են Աւելցնել Հայաստանի Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւններուն Տրամադրուող Աջակցութիւնը

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?