
Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասըն երէկ այցելեց ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Լասըն գնահատեց Մաշնուքը` անոր չափաւորական քաղաքական կեցուածքներուն համար, ընդգծելով, որ այդ կեցուածքները մնայուն կերպով կը ծառայեն Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումին:
Լասըն հաստատեց, որ Լիբանանի պահպանումը պէտք է միշտ առաջնահերթութիւն ըլլայ:
Ան լաւատեսութիւն յայտնեց ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ քաղաքապետական ընտրութիւնները կազմակերպուած կերպով կատարելու իմաստով:
Լասըն ընդգծեց կիներուն մասնակցութեան կարեւորութիւնը քաղաքապետական ընտրութիւններուն:


