Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրի երէկ այցելեց Պեքաա, ուր որդեգրուեցան ապահովական խիստ միջոցառումներ:
Սաատնայէլի Իմամ Ալիի մզկիթին մէջ Հարիրի մասնակցեցաւ ուրբաթ օրուան նամազին:
Պեքաայի միւֆթի շէյխ Խալիլ Մայս բարձր գնահատեց Սաատ Հարիրիի հօր` նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի ազգային նուաճումները, մաղթելով, որ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավարը մնայ իր հօր արդար որդին:
Մայս շեշտեց, որ այս հանգրուանին Սաատ Հարիրիի պարտականութիւնը դժուար պիտի ըլլայ, սակայն ոչ անկարելի:
Իր կարգին, Հարիրի յայտնեց, որ դէպի Պեքաա իր այցելութիւնները յաճախակի պիտի ըլլան` ընդգծելով, որ Պեքաայի մէջ կ՛ապրին քաջ եւ հաւատարիմ մարդիկ:
«Մենք պիտի շարունակենք նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի ուղեգիծը», ըսաւ Հարիրի` աւելցնելով, որ Լիբանան իր վերադարձը վերջնական է:
Զահլէի մէջ Հարիրի այցելեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունիի բնակարանը, ուր յայտնեց, որ իրենք եւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը մէկ են եւ քաղաքական նոյն ուղեգիծին վրայ կը գտնուին:
Հարիրի ողջունեց նաեւ նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլն ու Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը:
Հարիրի այցելեց նաեւ Ժողովրդային պլոք կուսակցութեան նախագահ Միրիամ Սքաֆի` դառնալով անոր ճաշի հիւրը:
Հանդիպումին ընթացքին Սքաֆ շեշտեց, որ Զահլէ կարիք ունի ծառայութեան եւ հոգատարութեան` հաստատելով, որ քաղաքապետական խորհուրդն ու շրջանը ներկայացնող երեսփոխանները թերացում արձանագրած են այս իմաստով:
Սքաֆ ամօթ նկատեց այն իրականութիւնը, որ խորհրդարանը այլընտրանք պիտի չունենայ բացի այն, որ երրորդ անգամ ըլլալով երկարաձգէ իր պաշտօնավարութիւնը: Ան պահանջեց ճնշում բանեցնել` երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու նպատակով:
«Մենք պէտք է փաստենք, թէ կարողութիւն ունինք մեր հարցերը տնօրինելու` առանց արտաքին օժանդակութեան», շեշտեց Սքաֆ:
Ակնարկելով նախագահական ընտրութեան` Սքաֆ շեշտեց, որ Ժողովրդային պլոքը կը զօրակցի համախոհութեան` հաստատելով, որ Պաապտայի ճամբան շատ աւելի մօտ է, քան որեւէ այլ մայրաքաղաք:
Իր կարգին, Հարիրի շեշտեց, որ այսօրուան դրութեամբ կարեւորագոյնը քաղաքապետական ընտրութիւնները կատարելն է` աւելցնելով, որ Զահլէ կը փափաքի նաեւ նախագահական ընտրութիւն կատարել, որովհետեւ նախագահական ընտրութիւնը Լիբանանի քաղաքական տագնապի լուծման բանալին է:
Հարիրի ընդգծեց, որ երեսփոխանները նախագահական ընտրութեան 37-րդ նիստին ներկայ գտնուելու պատասխանատուութեան դիմաց կը գտնուին` աւելցնելով, որ ինք պատրաստ է շնորհաւորելու նորընտիր նախագահը, ո՛վ որ ալ ըլլայ ան:
«Ո՛չ ոք իրաւունք ունի երկիրը 18 ամիս առանց նախագահի պահելու», ըսաւ ան:
Հարիրի. «Առանց Նախագահի Եւ Կառավարութեան
Լիբանան Պիտի Չկարենայ Դիմագրաւել Մարտահրաւէրները»
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի «Սի. Էն. Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ առանց հանրապետութեան նախագահի եւ կառավարութեան Լիբանան պիտի չկարենայ դիմագրաւել մարտահրաւէրները:
Հարիրի շեշտեց, որ Հըզպալլայի դաշնակից արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի որդեգրած կեցուածքը սխալ էր:
«Լիբանան պէտք է նեցուկ կանգնէր Սէուտական Արաբիոյ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ նոյնիսկ Իրաքը, որ Իրանի մտերիմ է` համաձայն գտնուած էր Արաբական լիկայի որոշումին, այլ խօսքով` արաբական միասնականութեան:
«Երբ հարցը արաբական միասնականութեան կը վերաբերի, կառավարութիւնը պէտք է այս իմաստով յստակ կեցուածք ունենայ: Խամենէին անձամբ դատապարտեց այդ դէպքերը, հետեւաբար ինծի համար հասկնալի չէ, թէ ինչո՞ւ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարն ու Հըզպալլան Իրանի գործակատարի դերակատարութեամբ ներկայացան», ըսաւ ան:
Հարիրի հաստատեց, որ Լիբանան չի կրնար արաբական այս կամ այն երկրին, յատկապէս Սէուտական Արաբիոյ հետ թշնամանալ:
«Ռիատ միշտ ալ օժանդակած է Լիբանանին, յատկապէս 2006-ի յուլիսեան պատերազմէն ետք: Լիբանանի մէջ սէուտական դերակատարութիւնը միշտ ալ եղած է դրական եւ միլիսներ չէ ստեղծած, մինչդեռ Իրան ստեղծած է Հըզպալլայի միլիսը», նշեց Հարիրի:
Ան ընդգծեց, որ հիմնական հարցը այն է, որ կարծէք տրուած է քաղաքական որոշում մը, որ շրջանային առումով Հըզպալլա տիրէ Լիբանանին:
Սաատ Հարիրի շեշտեց, որ իրենց հիմնական նպատակը նախագահական ընտրութիւնն է` յայտնելով, որ կը նախընտրեն ընտրել նախագահ մը, որուն հետ քաղաքական տարակարծութիւններ ունին, քան նախագահական աթոռը պահեն իր թափուր վիճակին մէջ:
Այս առումով Հարիրի Հըզպալլան դատապարտեց խորհրդարանին օրինաթիւը չգոյացնելու եւ նախագահական ընտրութիւնը արգելակելու յանցանքով:
«Մենք կ՛ուզենք փրկել Լիբանանը եւ ոչ թէ զայն վերածել նոր Սուրիոյ մը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իրենք պիտի շարունակեն պայքարիլ ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի դէմ: