Քաղաքացիական Ընկերութեան Անդամները Շարունակեցին Թալլի Մէջ Իրենց Բողոքի Նստացոյցը
Քաղաքացիական ընկերութեան անդամներ երէկ Թրիփոլիի Թալլ շրջանի հրապարակին վրայ շարունակեցին իրենց նստացոյցը` մերժելով Թալլի հրապարակը վերածել կառատան: Անոնք հաստատեցին, որ Թրիփոլիի բնակիչները պիտի չարտօնեն այդ ծրագիրին գործադրութիւնը եւ պիտի դիմադրեն անիրաւներուն, որոնք այդ քաղաքը քանդած են եւ անոր կենսական ծրագիրները ոչնչացուցած: «Թրիփոլի ամէն իմաստով զրկուած է եւ պէտք է անոր կարիքները հոգալ», հաստատեցին ցուցարարները: Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին բանակին եւ...




















