Խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք կը կասկածի, թէ մայիսին կարելի կը դառնայ քաղաքապետական ընտրութիւններ կատարել, դիտել տալով, որ քաղաքապետական խորհուրդներու պաշտօնավարութեան երկարաձգումը առկայ է եւ խորհրդարանին բարեփոխումին կարիքը չունի:
Հիւսէյնի ըսաւ, որ ներկայիս երկրին իշխող քաղաքական դասը կը պարզէ խոցելի իրավիճակ, այն աստիճան, որ անիկա անկարող է աղբի տագնապը լուծելու: «Այդ տագնապին կողքին առկախ կը մնան նաեւ ելեկտրականութեան եւ ջուրի թղթածրարները, կառավարութեան գործունէութիւնը կը մնայ սառած, նախագահական աթոռը կը մնայ թափուր, իսկ պետական պիւտճէն 110 միլիառ տոլարի բացէ մը կը տառապի», շեշտեց Հիւսէյնի:
Ըստ Հիւսէյնիի, լաւագոյն լուծումը պիտի ըլլայ այն, որ քաղաքապետական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարուին:
Միւս կողմէ, Հիւսէյնի հաստատեց, որ Լիբանանի շահերուն չի ծառայեր Սէուտական Արաբիոյ կամ որեւէ արաբական երկրի հետ տարակարծիք ըլլալ:
Անդրադառնալով Իսրայէլի դէմ պայքարին, Հիւսէյնի շեշտեց, որ Լիբանանի համար օրինական է իր հողերուն պաշտպանութիւնը` շնորհիւ իր Դիմադրութեան, հետեւաբար Դիմադրութիւնը հիմնական է երկրին ազգային միասնականութեան ընդհանուր տարազին մէջ, եւ կարելի չէ զայն ահաբեկչական որակել:
«Իսրայէլի դէմ իր մղած պայքարով Լիբանան բոլոր արաբներուն փոխարէն կը պայքարի, եւ անիկա բնաւ ստիպուած չէ իր արաբական ինքնութիւնը արդարացնելու», եզրափակեց ան: