Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Երկխօսութեան Նիստը Այսօր Կը Շարունակէ Իր Աշխատանքները

March 9, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Abou-Faour_030816
Ուաէլ Ապու Ֆաուր

Մինչ երկրին տագնապը ինքզինք կը պարտադրէ, այսօր Ազգային երկխօսութեան նիստը կը շարունակէ իր աշխատանքները, որոնք նախագահական ընտրութեան կարելիութիւնները քննարկելէ աւելի պիտի կեդրոնանան Լիբանան-Սէուտական Արաբիա եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու վատթարացման, եւ հաւանաբար աղբի տագնապին լուծման անհաւանականութեան եւ անոր լոյսին տակ վարչապետ Թամմամ Սալամի տալիք որոշումին:

Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն մասին ակնարկելով` մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուի յայտնեց, որ լիբանանցիները եւ Ծոցի երկիրներու բնակիչները արաբներ են եւ անպայման որ օր մը օրանց պիտի հաշտուին: «Այս իմաստով դրական նշոյլներ գոյութիւն ունին», ըսաւ Հըննաուի:

Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Լիբանանի կեցուածքին նկատմամբ սէուտական եւ արաբական ցասում գոյութիւն ունի, աւելցնելով, որ լիբանանցիներուն վարուելակերպին պատճառով է, որ այդ յարաբերութիւնները վնասուած են, «հետեւաբար այդ յարաբերութիւնները կարելի է սրբագրել  լիբանանցիներուն վարուելակերպին ընդմէջէն», ըսաւ ան:

Ապու Ֆաուր յայտնեց նաեւ, որ լիբանանեան բանակին տրամադրուած օժանդակութիւնը սառեցուած է եւ ոչ թէ ջնջուած:

Նշենք նաեւ, որ երէկ լիբանանեան քաղաքական, ընկերային թէ դիւանագիտական մակարդակի վրայ կազմակերպուեցան ձեռնարկներ, որոնց ընդմէջէն համեմատաբար աւելի մեծ շուքով նշուեցաւ Կիներու միջազգային օրը:

Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին եւ Լիբանանի ամերիկեան համալսարանին կազմակերպած ձեռնարկին իր մասնակցութիւնը բերաւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, որ հաստատեց քաղաքապետական ընտրութիւններուն կայացումը:

Միւս կողմէ, գիշերուան շուրջ ժամը 9:00-ին Ազգային լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ Նուհատ Մաշնուք այցելած է Յորդանան, ուր հանդիպում մը ունեցած է Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ:

Քննարկուած են շրջանային իրադարձութիւնները, Լիբանանի մէջ պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ տիրող կացութիւնը, ինչպէս նաեւ շեշտուած է գաղթակայաններուն ապահովական կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

Նախորդը

«Կոչ Կ՛ուղղենք Արաբական Պետութիւններուն Չլքելու Լիբանանը Եւ Կը Հաստատենք Արաբական Համախոհութեան Հանդէպ Մեր Զօրակցութիւնը» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

Յաջորդը

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Կ՛ուզէ Արցախի Մէջ Խորհրդարանական Համակարգին Արցախեան Օրինակը Ստեղծել

RelatedPosts

Յ. Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահ Նեպիհ Պըրրիի
Գլխաւոր լուրեր

Յ. Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահ Նեպիհ Պըրրիի

January 16, 2026
Եւրոպական Միութիւնը Լիբանանի Հետ  6 Նոր Համաձայնութիւններ Կնքեց
Լիբանանեան

Եւրոպական Միութիւնը Լիբանանի Հետ 6 Նոր Համաձայնութիւններ Կնքեց

January 16, 2026
Պըրրի Յորդանանի Վարչապետին Եւ Սէուտցի  Պատուիրակին Հետ Ունեցաւ Անջատ Հանդիպումներ
Լիբանանեան

Պըրրի Յորդանանի Վարչապետին Եւ Սէուտցի Պատուիրակին Հետ Ունեցաւ Անջատ Հանդիպումներ

January 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.