Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մարտ 11, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիուկօ Շորթըրը, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասընը, որոնց հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ալեն Հաքիմ յայտնեց, որ Առեւտուրի համաշխարհային միութեան անդամակցելու առումով Լիբանան պիտի մերժէ բոլոր այն առաջարկները, որոնք երկրին համար անյարմար կը նկատուին:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ Արաբիոյ դեսպանատան պատասխանատուները հաստատեցին, որ սէուտական օդանաւային ընկերութիւնները չեն ջնջած դէպի Լիբանան կատարուելիք իրենց թռիչքները:

ՂՈՎՄի կուսակցութեան երեսփոխան Մարուան Ֆարես հաստատեց, որ ուսուցիչներուն իրաւունքները վաւերացնելու առումով պատասխանատուութեան բեռը կ՛իյնայ կառավարութեան ուսերուն վրայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ հաստատեց, որ աղբի տագնապին վերաբերող գայթակղութիւնը կարելի է լուծել, եթէ երկրին ղեկավարները ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին իրենց որոշումները վերջնականացնեն:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ իրենց համար արտօնելի չէ, որ նախագահական աթոռը թափուր մնայ:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը հաւասարապէս պատասխանատու են Լիբանանի դիմագրաւած աղբի տագնապին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա շեշտեց, որ երկրին քաղաքական ուժերուն միջեւ գոյացած է համաձայնութիւն մը` աղբի տագնապին արագ լուծում մը գտնելու առումով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա Սէուտական Արաբիոյ դէմ իր ցեխարձակումներուն վերջ պիտի չտայ, մինչեւ որ յստակ դառնայ, թէ լիբանանեան պետութիւնը իր բազմազանութեամբ եւ ժողովրդավարութեամբ վերջ գտած է:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ սալաֆական հոսանքի հիմնադիր, իսլամ քարոզիչ շէյխ Շահհալ դրուատեց Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդին կողմէ Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատող որոշումը:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի համար քաղաքապետական ընտրութիւնները վերածուած են անհրաժեշտութեան:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամ անկարող է զսպել իր կառավարութիւնը, ինչպէս նաեւ կարողութիւն չունի ձեռքերը քաշելու կառավարութեան որոշումներէն եւ ընթացքէն:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին համար Լիբանան պիտի զօրակցի Եգիպտոսի թեկնածու Ահմետ Ապուլ Ղայթի թեկնածութեան:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը զարմանք յայտնեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի ցուցաբերած քար լռութեան համար, երբ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի դէմ յարձակողական արտայայտութիւններ կ՛ունենար:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը խզեց Լիբանանի օդային սահմանները` կատարելով հետախուզական թռիչքներ: Թռիչքները կեդրոնացան Արքուպի, Հասպայայի եւ Ժապալ Շէյխի վերեւ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Տորի Շամուն յայտնեց, որ Հըզպալլա կը վարուի այնպէս մը, որ օրէնքը իրեն չի վերաբերիր, եւ ատիկա մերժելի է:

 

Նախորդը

Արաբական Լիկայի Ժողով

Յաջորդը

«Կառավարութիւնը Կա՛մ Աղբի Տագնապը Կը Լուծէ Եւ Կա՛մ Կը Հրաժարի, Իսկ Մենք Կը Զօրակցինք Սալամին» Շեշտեց Ապու Սաապ

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?